Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէա Բանակը Կը Դնէ «Պատերազմական Վիճակ»-ի Մէջ. Սէուլ Փիոնկիանկի Կը Սպառնայ «Անխնայ Հատուցմամբ»

August 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Korea_8-21-15

«Ռիոնհապ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Սէուլ կացութեան հետագայ սրումին պարագային պիտի պատասխանէ Հիւսիսային Քորէայի բոլոր սադրանքներուն:

Փիոնկիանկի ուղղուած հեռագիրին մէջ Սէուլ կը նշէ, որ «անխնայ հատուցմամբ պիտի պատասխանէ Հիւսիսային Քորէայի որեւէ յարձակումի, եւ Հիւսիսը ստիպուած պիտի ըլլայ ստանձնել ատոր պատասխանատուութիւնը»:

Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարար Հան Մին Կու զինեալ ուժերուն հրամայած է «վճռականօրէն հակազդել» Հիւսիսային Քորէայի որեւէ գործողութեան:

Նախքան Սէուլի հաղորդագրութեան հրապարակումը, Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն հրամայած է շփման գիծին վրայ գտնուող իր ուժերը դնել «պատերազմի վիճակ»-ի մէջ: Ան հրամայած է լիակատար պատրաստութեան վիճակի մէջ դնել բանակը` «վճռական մարտական գործողութիւններու» համար` այն պարագային, եթէ Հարաւային Քորէան չանջատէ քարոզչական բարձրախօսները, որոնք տեղակայուած են պետութիւններուն միջեւ սահմանին վրայ:

20 օգոստոսին փոխադարձ հրետակոծութիւն տեղի ունեցած էր երկու քորէաներուն միջեւ: Հարաւային Քորէայի նախագահ Փաք Քին Հեն Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ հրաւիրած է, եւ երկրին զինեալ ուժերը բերուած են բարձր մարտական պատրաստութեան վիճակի:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Յունաստանի Նախագահը Ընդդիմութեան Ղեկավարը Կը Լիազօրէ Կառավարութիւն Կազմելու

RelatedPosts

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին
Միջազգային

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

September 28, 2026
Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է
Միջազգային

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.