Միջազգային

Հարաւային Քորէա-Հիւսիսային  Քորէա Սահմանային Միջադէպ

Հարաւային Քորէա-Հիւսիսային Քորէա Սահմանային Միջադէպ

«Ռիոնհապ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէայի ուժերը բարձր պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են Հիւսիսային Քորէայի հետ սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպէ մը ետք: Հարաւային քորէացի զինուորները երէկ պատասխան կրակ բացած են Հիւսիսային Քորէայի տարածքին ուղղութեամբ: Հարաւային Քորէայի ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ հրետանին տասնեակ մը 155 միլլիմեթրնոց ռումբեր արձակած է Հիւսիսային Քորէայի տարածքին ուղղութեամբ: Հարաւային Քորէայի ազգային պաշտպանութեան...

Սէյնթ Լուիսի Մէջ Ոստիկանութիւնը  Սպաննեց Ափրիկեան Ծագումով Երիտասարդ Մը

Սէյնթ Լուիսի Մէջ Ոստիկանութիւնը Սպաննեց Ափրիկեան Ծագումով Երիտասարդ Մը

Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգի Սէյնթ Լուիս քաղաքին մէջ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, երբ ոստիկանութիւնը կրակ բանալով սպաննեց ափրիկեան ծագումով 18-ամեայ երիտասարդ մը: Ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ օգտագործեց արցունքաբեր կազ: Ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ նշեալ երիտասարդը զէնք ուղղած է ոստիկաններուն դէմ: Այն թաղին մէջ, ուր երիտասարդը սպաննուեցաւ, ցոյցեր ընթացք առին եւ ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար օգտագործեց արցունքաբեր կազ: Ոստիկանութիւնը նաեւ...

«Եթէ Եմէնի Կացութիւնը Չըլլար,  Սուրիական-Սէուտական Հանդիպում Մը  Չէր Կրնար Ըլլալ»  Կ՛ըսէ Մոալլեմ

«Եթէ Եմէնի Կացութիւնը Չըլլար, Սուրիական-Սէուտական Հանդիպում Մը Չէր Կրնար Ըլլալ» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

Ուալիտ Մոալլեմ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ եգիպտական «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց. «Դաւադրութիւնը սկսաւ, երբ մերժեցինք Իսլամ եղբայրները իշխանութեան մասնակից դարձնելու Թուրքիոյ պահանջը: Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը գաղափարաբանական պատճառներով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պիտի չկռուի, եւ մենք ատկէ վստահ ենք»: «Եթէ Եմէնի կացութիւնը չըլլար, սուրիական- սէուտական հանդիպում մը չէր կրնար ըլլալ», ըսաւ ան: «Գոյութիւն ունի ապահովական մարզի մէջ գործակցութիւն մը, որ...

ՕԹԱՆ Ռուսամէտ Զինեալները Կը Զգուշացնէ  «Ուքրանական Յաւելեալ Տարածքներ  Իրենց Վերահսկողութեան Տակ Առնելէ»

ՕԹԱՆ Ռուսամէտ Զինեալները Կը Զգուշացնէ «Ուքրանական Յաւելեալ Տարածքներ Իրենց Վերահսկողութեան Տակ Առնելէ»

ՕԹԱՆ Ուքրանիոյ ռուսամէտ զինեալները զգուշացուց արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ յաւելեալ հողեր իրենց վերահսկողութեան տակ առնելէ եւ մատնանշեց խաղաղութեան վերականգնման հարցին մէջ Մոսկուայի ունեցած իւրայատուկ պատասխանատուութիւնը: ՕԹԱՆ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Միջազգային ընտանիքը պիտի չընդունի Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող անջատողականներուն կողմէ յաւելեալ ուքրանական հողեր իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու որեւէ փորձ»: Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ը արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող տագնապին կողմերը...

Իտալիոյ Նախագահը Կը Զգուշացնէ  Ահաբեկչութեան Պատճառով  Համաշխարհային Գ. Պատերազմէ

Իտալիոյ Նախագահը Կը Զգուշացնէ Ահաբեկչութեան Պատճառով Համաշխարհային Գ. Պատերազմէ

Սերճիօ Մաթարելլա Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա զգուշացուց, որ ահաբեկչութիւնը վերածուի «Համաշխարհային Գ. պատերազմի սերմի»` աւելցնելով. «Պէտք է գիտակցինք, որ աշխարհի վրայ խաղաղութիւնը կախեալ է միաստուածեան կրօններուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու, փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնելու եւ գործակցելու կարողութենէն»: «Ահաբեկչութիւնը, որ սնունդ կը ստանայ Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքի ծայրայեղական աղաւաղումէն, կը փորձէ Միջերկրականի, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ ցանել Համաշխարհային Գ. պատերազմի սերմերը, (ուստի) մեր...

Համասի Զինեալները «Լրտես»  Դլփին Մը Բռնած Են

Համասի Զինեալները «Լրտես» Դլփին Մը Բռնած Են

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքը` վկայակոչելով պաղեստինեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Համաս շարժումի զինեալները բռնած են դլփին մը, որ, ինչպէս կ՛ենթադրուի, օգտագործուած է իսրայէլեան հետախուզութեան օգտին լրտեսութիւն կատարելու համար: Դլփինը բռնած են քանի մը շաբաթ առաջ` Կազայի ափերէն ոչ հեռու, ուր տեղի կ՛ունենար Համաս շարժումի մասնայատուկ ծովային ուժերու ռազմափորձը: Պաղեստինեան «Քուտս» օրաթերթը կը նշէ, որ զինեալներուն ուշադրութիւնը գրաւած են դլփինի...

Թուրքիոյ Ապահովական  Կացութիւնը Կը Վատթարանայ.  ՔԱԿ Մէկ Օրուան Մէջ  Սպաննեց 20 Թուրք Զինուոր

Թուրքիոյ Ապահովական Կացութիւնը Կը Վատթարանայ. ՔԱԿ Մէկ Օրուան Մէջ Սպաննեց 20 Թուրք Զինուոր

Տոլմապահչէ պալատին մուտքը Թուրքիոյ Հանրապետութեան հարաւարեւելեան քրտաբնակ Սղերդ նահանգին մէջ երէկ 8 թուրք զինուորներ սպաննուեցան, երբ ճամբեզրին զետեղուած ական մը թիրախ դարձուց զանոնք փոխադրող զինուորական մեքենան: ՔԱԿ երէկ յայտարարեց, որ Տիգրանակերտի մօտ բանակի մէկ զօրանոցին դէմ յարձակում գործելով սպաննած է 12 թուրք զինուոր: Երեքշաբթի գիշեր Տիգրանակերտ-Բիւրակն ճամբուն վրայ ՔԱԿ-ի զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ բախումներուն ընթացքին թրքական բանակի շարքերուն մէջ...

Էրտողան. «Թուրքիան Արագօրէն  Կ՛ուղղուի Դէպի Խորհրդարանական  Նոր Ընտրութիւններ»

Էրտողան. «Թուրքիան Արագօրէն Կ՛ուղղուի Դէպի Խորհրդարանական Նոր Ընտրութիւններ»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Թուրքիա արագօրէն կ՛ուղղուի դէպի խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ, որովհետեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւն ձեւաւորելու ձախողութենէն ետք ստեղծուած քաղաքական անելէն կարելի է դուրս գալ միայն ժողովուրդին կամքին ընդառաջող լուծումի մը ճամբով»: Նախապէս նախագահական պալատէն աղբիւր մը «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած էր, որ 18 օգոստոսին խումբ մը ակադեմականներու եւ մտաւորականներու հետ ճաշի մը...

Անձնասպանական Գործողութիւն`  Գամիշլիի Մէջ

Անձնասպանական Գործողութիւն` Գամիշլիի Մէջ

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Գամիշլիի արեւելքը գտնուող ճարտարագիտական շրջանին մէջ քրտական ներքին ապահովութեան ուժերու` Ասայեշի կեդրոնը թիրախ դարձած է պայթումի մը, որ շարք մը զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած է: ՏԱՀԵՇ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ տեղի ունեցածը անձնասպանական գործողութիւն մըն էր, որուն զոհ գացած են քիւրտ 10 զինեալներ: Ըստ սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու...

Համաս Կը Հերքէ Իսրայէլի Հետ Երկարատեւ  Զինադադարի Համաձայնութեան Մօտալուտ Ըլլալը

Համաս Կը Հերքէ Իսրայէլի Հետ Երկարատեւ Զինադադարի Համաձայնութեան Մօտալուտ Ըլլալը

Հասան Եուսեֆ Համաս շարժումի ղեկավարներէն Հասան Եուսեֆ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ շարժումին եւ Իսրայէլի միջեւ երկարատեւ զինադադարի համաձայնութեան մը գոյացումը մօտալուտ է: Ան այդ լուրերը նկատեց «միայն մամլոյ երեւակայութիւն»: Ան ընդգծեց, որ զինադադարին մասին զրոյցները պարզապէս կացութիւնը հանդարտեցնելու համար միջնորդի դերակատարութիւն կատարողներու կողմէ գաղափարներ են: Զինադադարի շուրջ համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալուն լուրերուն վերաբերեալ Համասի կեցուածքին անդրադառնալով Եուսեֆ ըսաւ, որ որեւէ համաձայնութիւն...

Հարաւային Օսեթիոյ Մէջ Բացուած Է  Աբխազիոյ Դեսպանատունը

Հարաւային Օսեթիոյ Մէջ Բացուած Է Աբխազիոյ Դեսպանատունը

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Օսեթիոյ մայրաքաղաք Ցխինվալիի մէջ բացուած է Աբխազիոյ դեսպանատունը: Բացման արարողութեան մասնակցած է Հարաւային Օսեթիոյ հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Թիպիլով արարողութեան ընթացքին այս առիթով շնորհաւորած է երկու ժողովուրդները` ընդգծելով, որ հարաւօսական-աբխազական փոխադարձ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին ամրապնդուիլ ու զարգանալ: Իսկ աբխազական կողմը ընդգծած է, որ մեծ աշխատանք կը սպասուի...

ՏԱՀԵՇ Կոչ Ուղղած Է  Գրաւելու Պոլիսը

ՏԱՀԵՇ Կոչ Ուղղած Է Գրաւելու Պոլիսը

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ դէմ սպառնալիքներ բովանդակող տեսանիւթ մը հրապարակած է ընկերային ցանցերուն վրայ: Թրքերէնով պատրաստուած տեսանիւթին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի երեք զինեալներ իրենց թուրք համախոհներուն կոչ կ՛ուղղեն «գրաւելու Պոլիսը», սպառնալիքներ կը հնչեցնեն Էրտողանի եւ Թուրքիոյ հասցէին: Տեսանիւթին մէջ անոնք Էրտողանը մեղադրած են Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցելու...

«Կը Մերժենք ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Որեւէ Դաշինքին  Ասատի Մասնակցութիւնը»  Կ՛ըսէ Մուալլեմի

«Կը Մերժենք ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Որեւէ Դաշինքին Ասատի Մասնակցութիւնը» Կ՛ըսէ Մուալլեմի

Ապտալլա Մուալլեմի ՄԱԿ-ի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա Մուալլեմի սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ որեւէ առաջարկ կազմելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի դաշինք մը, որուն մաս կը կազմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ` նշելով, որ ատիկա պիտի ծառայէ միայն սուրիական վարչակարգին վարկը բարձրացնելու: «Մենք կ՛ողջունենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի որեւէ դաշինք, սակայն այդ դաշինքը պէտք է...

Թուրքիա – Ազրպէյճան Օդուժերու  Միացեալ Ռազմափորձ

Թուրքիա – Ազրպէյճան Օդուժերու Միացեալ Ռազմափորձ

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 22 օգոստոսին, Ազրպէյճանի մէջ պիտի սկսին «ԹուրԱզ Արծիւ 2015» միացեալ ռազմափորձերը` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օդուժերուն մասնակցութեամբ. անոնց պիտի մասնակցին աւելի քան 30 պատերազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ռազմափորձերուն ընթացքին երկու երկիրներէն պիտի մասնակցին «Միկ-29», «Էֆ-16», «Սու-25», «Էֆ-4Ի», «Մի-35», «Մի-17», «Սքորսքի» եւ «ԵուԷյչ-60» տիպի պատերազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ: Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին...

Քիեւ Փութինի Խրիմ Այցելութեան Համար  Բողոքագիր Յղած Է Մոսկուայի

Քիեւ Փութինի Խրիմ Այցելութեան Համար Բողոքագիր Յղած Է Մոսկուայի

Lenta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած է Ռուսիոյ` վերջինիս նախագահ Վլատիմիր Փութինի Խրիմ այցելութեան պատճառով: Շրջանը անցեալ տարի կցուած էր Ռուսիոյ: Քիեւ իր «վճռական բողոք»-ը յայտնած է առ այն, որ այդ այցելութիւնը չէ համակարգուած Ուքրանիոյ հետ: Ուքրանիոյ իշխանութիւնները Ռուսիոյ իշխանութիւններէն պահանջած են դադրեցնել «այդպիսի այցելութիւններու գործելաոճը»` յիշեցնելով, որ այդպիսի քայլերը ուքրանական օրէնսդրութեան հիմամբ պիտի ունենան...

Ապահովութեան Խորհուրդ. «Սուրիական  Տագնապի Լուծումը Քաղաքական  Եւ Սուրիական Ղեկավարութեամբ Է»

Ապահովութեան Խորհուրդ. «Սուրիական Տագնապի Լուծումը Քաղաքական Եւ Սուրիական Ղեկավարութեամբ Է»

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «Սուրիական տագնապի լուծումին կարելի է հասնիլ միայն քաղաքական համապարփակ եւ սուրիական ղեկավարութեամբ հոլովոյթի մը ճամբով, որ սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները կը բաւարարէ»: Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ կարգ մը բաժիններ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ են եւ դատապարտեց այդ խմբաւորումներուն շարունակ գործած ահաբեկչական արարքները: ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը...

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն  Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Աջակցիլ Թուրքիոյ»  Կ՛ըսէ Քըրպի

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Աջակցիլ Թուրքիոյ» Կ՛ըսէ Քըրպի

Ճոն Քըրպի «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ առաջուան նման Թուրքիոյ հետ գործընկերային յարաբերութիւններ կը պահպանեն եւ մտադիր են անոր աջակցութիւն ցուցաբերել անվտանգութեան մարզին մէջ: «Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ անվտանգութեան նկատմամբ մեր յանձնառութեան, ապա այստեղ ոչինչ փոխուած է: Թուրքիան ՕԹԱՆ-եան դաշնակից եւ յուսալի գործընկեր է, մասնաւորաբար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին...

«Թուրքիոյ Մէջ Խորհրդարանական Արտակարգ  Ընտրութիւններ Պէտք Է Տեղի Ունենան»  Յայտարարեց Տաւութօղլու

«Թուրքիոյ Մէջ Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններ Պէտք Է Տեղի Ունենան» Յայտարարեց Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլու «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չէ յաջողած համախոհական կառավարութիւն կազմելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել խորհրդարան մուտք գործած երեք կուսակցութիւններուն` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ: Ան յայտարարած է, որ...

«Վեցեակին Հետ Թեհրանի Համաձայնագիրը  Յառաջդիմութիւն Է Ամբողջ Աշխարհի Համար»  Կ՛ըսէ Իրանի Փոխնախագահը

«Վեցեակին Հետ Թեհրանի Համաձայնագիրը Յառաջդիմութիւն Է Ամբողջ Աշխարհի Համար» Կ՛ըսէ Իրանի Փոխնախագահը

Մասումէ Էպթեքար Իրանի փոխնախագահ, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան կազմակերպութեան ղեկավար Մասումէ Էպթեքար «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թեհրանի կողմէ Վեցեակին հետ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումը «յառաջընթաց»  դարձած է ամբողջ աշխարհի համար: «Կը կարծեմ, որ Իրանը յստակ կերպով ցոյց տուաւ, որ մտադիր է գործադրել այդ համաձայնագիրը», նշած է փոխնախագահը: Համաձայնութեան ձեռքբերումը կը նշանակէ, որ «մնացեալ աշխարհին հետ...

Ըստ Իսրայէլեան Ձայնասփիւռին.  Թուրքիա Կը Վարէ Իսրայէլի Հետ Կազայի  Շրջափակման Վերացման Բանակցութիւնները

Ըստ Իսրայէլեան Ձայնասփիւռին. Թուրքիա Կը Վարէ Իսրայէլի Հետ Կազայի Շրջափակման Վերացման Բանակցութիւնները

Հակառակ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին այն պնդումին, թէ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ ո՛չ ուղղակի, ո՛չ ալ անուղղակի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Թուրքիա կը ղեկավարէ Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները երկկողմանի յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ Կազայի շրջափակումը վերացնելու համար: Ըստ ձայնասփիւռի կայանին, Թուրքիա չ՛ուզեր, որ այս երկու մարզերուն մէջ բանակցութիւնները խանգարուին: Կայանը կ՛աւելցնէ,...

Page 838 of 882 1 … 837 838 839 … 882

Արխիւներ