Տոնեցքին Եւ Լուկանսքին Յաւելեալ Իշխանութիւններ Տուող Որոշումին Նախնական Որդեգրումէն Ետք. Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Առջեւ Բախումներ` Ոստիկանութեան Եւ Ցուցարարներու Միջեւ
Երէկ վիրաւորուեցան Ուքրանիոյ խորհրդարանի անվտանգութիւնը ապահովող 100 ոստիկաններ, որոնցմէ տասն` ծանր կերպով: Մինչ ցուցարարներ ոստիկանութեան վրայ պայթուցիկներ ու քոքթել մոլոթովներ կը նետէին, խորհրդարանի փոթորկոտ նիստի մը ընթացքին ռուսամէտ զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Տոնեցքին եւ Լուկանսքին յաւելեալ իշխանութիւններ տալու կատարուած քուէարկութենէն ետք, խորհրդարանին առջեւ պայթումի ձայն մը լսուեցաւ: Ապակեդրոնացման օրինագիծին առաջին ընթերցումով որդեգրումէն ետք խորհրդարանին առջեւ բողոքի ցոյցերը աւելի բուռն դարձան:...




















