Ազրպէյճանի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Անդամակցած Ժիհատականներու Խումբ Մը Վնասազերծուած Է
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութիւնը վնասազերծած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ կռիւներու մասնակցած Ազրպէյճանի քաղաքացիներու 5 հոգիէ բաղկացած խումբ մը: Ըստ Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարարութեան, նշեալ խումբի անդամները փորձած են Ազրպէյճանի մէջ օրէնսդրութեամբ չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներ ստեղծել, մասնակցիլ անոնց գործունէութեան, ապահովել զէնքեր, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր, զինուորական սպառազինութիւն եւ այլ ապօրինի գործողութիւններ կատարել:...




















