Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլէն Ետք Եւրոպան Եւս Կը Հրաժարի Ազրպէյճանական Քարիւղէն

Օգոստոս 29, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Azaerbaijani-oil_8-28-15

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ աշխարհի վրայ ուժանիւթի արդիւնաբերութեան վերաբերեալ ամէնէն հեղինակաւոր տեղեկատուական աղբիւրներէն մէկը եղող «Փլաց» անկախ տեղեկատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ շուկաներէն ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն, արեւմտեան Ափրիկէէն քարիւղի մատակարարումներու ծաւալի աճին իբրեւ հետեւանք պիտի նուազին Ազրպէյճանէն գնուող «Ազերի Լայթ» եւ «Սի.Փի.Սի. Պլենտ» քարիւղի վաճառքի ծաւալները:

Ուշադրութիւն դարձնելով Ասիոյ մէջ արեւմտեան ափրիկեան քարիւղի պահանջարկի նուազումին եւ փոխադրման յարմար երթուղիին` եւրոպական քարիւղ վերամշակող ընկերութիւնները որոշած են սեպտեմբերին չմշակուած քարիւղի օրական շուրջ 1,6 միլիոն տակառ լրացուցիչ մատակարարումներ (50 միլիոն տակառ) ներածել Նիկերիայէն եւ Անկոլայէն:

Քարիւղի այդ չնախատեսուած հոսքը իր կարգին փոխած է քարիւղի աւանդական տեսակներու վերջնական օգտատէրերու պահանջարկի յարաչափերը, ինչ որ պիտի յանգեցնէ օգտագործուող քարիւղի տեսակներու, յատկապէս` ազրպէյճանական «Ազերի Լայթ» քարիւղի տեսակի պահանջարկի նուազման:

Փորձագէտները կը նշեն, որ այդպիսի իրավիճակը կը զարգացնէ համաշխարհային շուկաներուն մէջ առաջարկի շարունակուող աճը, երբ պահանջարկը չի մեծնար: Մասնաւորաբար նուազած են Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ Հնդկաստանի կողմէ քարիւղի գնումները. այդ քարիւղէն սովորաբար կը ներմուծուէր ամսական շուրջ 8-12 միլիոն տակառ: Նուազած է նաեւ քարիւղի պահանջարկը Չինաստանի մէջ, որ սովորաբար կը գնէր արդիւնահանուող անկոլական քարիւղի շուրջ 40-50 առ հարիւրը:

Քարիւղի առեւտուրով զբաղողները կը յայտնեն, որ արեւմտեան Ափրիկէի մէջ քարիւղի մնացած մասը անմիջապէս պիտի գնեն եւրոպացիները: Փորձագէտներու կարծիքով` Անկոլան եւ Նիկերիան սեպտեմբերին հարկադրուած պիտի ըլլան իրենց հայեացքը ուղղել դէպի Եւրոպա: Այդպիսի թիւով այլընտրանքային աղբիւրներու պարագային քարիւղի գիները անշեղօրէն պիտի նուազին:

Քանի մը օր առաջ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը արդէն յայտնած էր մայիսի սկիզբէն մինչեւ 11 օգոստոս Իսրայէլի կողմէ Հիւսիսային Իրաքի քիւրտերէն 19 միլիոն տակառ քարիւղ գնելու մասին, որուն արժէքը համաշխարհային գիներով կազմած է գրեթէ մէկ միլիառ տոլար:

Ազրպէյճանական «Ազատլըկ»-ը իր կարգին կը գրէ.«Ինչպէս յայտնի է, Իսրայէլ նախապէս քարիւղը հիմնականին մէջ կը գնէր Ազրպէյճանէն, Ղազախստանէն եւ Ռուսիայէն: Իսկ 3,5 ամիս առաջ ինքզինք աւելի քան երեք քառորդով ապահոված է քրտական քարիւղով: Այսպիսով, համաշխարհային շուկային մէջ քարիւղի գերաւելցուքը պատճառ դարձած է, որ Իսրայէլէն ետք Եւրոպան ալ կը կրճատէ Ազրպէյճանէն քարիւղի գնումները»:

 

 

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Վրաստանին Խորհուրդ Տուած Է Շարունակել Երկխօսութիւնը Ռուսիոյ Հետ

Յաջորդը

Յունաստանի Նոր Կառավարութիւնը Երդում Տուաւ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?