Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Դարձեալ Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Եւ Էրտողանի

September 1, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

isis_8-31-15

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ դարձեալ սպառնացած է Թուրքիոյ եւ այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:

Թրքերէնով հրապարակուող ՏԱՀԵՇ-ի կայքը գրած է, որ այն բանէն ետք, երբ Անգարան յայտարարեց, թէ միացած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին, «Թուրքիոյ ձեռքով կատարուող ամէն բան պիտի շրջուի անոր դէմ»:

«Անհաւատ, միջազգային ուժերու ձեռքին մէջ խաղալիք Էրտողանը 2014-ին օգնած է Միացեալ Նահանգներուն` Քոպանիի մէջ մեզ շրջապատման մէջ ձգելու գործին մէջ: Էրտողան բացած է իր օդակայանները մեզի դէմ Միացեալ Նահանգներու օդային հարուածներուն համար: Աստուած պիտի օգնէ մեզի` բոլորդ իսլամական հողերէն վտարելու համար: Ինչպէս Իրաքի մէջ եղաւ, այսօր Սուրիոյ մէջ եւս Թուրքիոյ գործողութիւնները պիտի շրջուին անոր դէմ», նշուած է ՏԱՀԵՇ-ի կայքին վրայ:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով իրաքեան «Սումարիյա» պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ շրջանառութենէն պիտի հանէ արտասահմանեան դրամանիշերը եւ ներմուծէ իր սեփական դրամանիշը` ոսկիէ տինարը:

Ճիշդ այդպէս կոչուած են ոսկեդրամները, որոնք օգտագործուած են 630-ական թուականներուն` Օսման խալիֆայի օրերուն: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները այդ մէկը վերցուցած են իբրեւ օրինակ:

Սեփական դրամանիշ ստեղծելու մասին զինեալները յայտարարած են Մուսուլի մզկիթներուն մէջ եւ բարձրախօսներու միջոցով:

Խմբաւորման անդամները նշած են, որ յառաջիկայ օրերուն դրամական փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ միայն ոսկիէ տինարներով, ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բացուած դրամատուներու մէջ:

Ըստ լումայափոխներու, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Մուսուլի բոլոր լումայափոխներուն մօտէն կը գրաւեն տոլարները:

Նահանգի ամբողջ տարածքին ոսկիէ տինարի շրջանառութիւնը պիտի սկսի սեպտեմբերին: Ոսկիէ մէկ տինարին արժէքը հաւասար պիտի ըլլայ 139 տոլարի:

 

 

 

Նախորդը

«ՏԱՀԵՇ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Ծրագիրներ Ունի» Կ՛ըսէ Աֆղանիստանի Փոխնախագահը

Յաջորդը

Քնեսեթի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ Արաբ Ղեկավարներուն. «Քնեսեթ Այցելեցէք, Որմէ Ետք Կը Խօսինք Խաղաղութեան Մասին»

RelatedPosts

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ  Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ  Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են
Միջազգային

Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.