«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մուշի մէջ գնացք մը պայթեցուած է:
Պայթումին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած են երեք անձեր եւ գնացքի հինգ վակոններ դարձած են անգործածելի:
Կը հաղորդուի, որ ականահարումը կատարած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) անդամները: