Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարկ Է Համաձայնութիւն Գոյացնել Սուրիական Վարչակարգէն Անհատներու Հետ, Սակայն Ոչ Ասատի Հետ» Կ՛ըսէ Ֆապիւս

August 29, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լորան Ֆապիւս
Լորան Ֆապիւս

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Ֆրանսայի դեսպաններու խորհրդակցական ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին սառեցուած կացութիւնը անընդունելի է` զգուշացնելով, որ այդ պատճառով պայթում կամ բռնարարքներ կրնան տեղի ունենալ:

Ան նշեց, որ ֆրանսական դիւանագիտութիւնը տարբեր հարցերու կարգին ջանք կը թափէ նաեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման համար եւ բազմիցս կոչ ուղղած է կազմելու միջազգային աջակցութեան խմբակ մը, որուն մաս կազմեն եւրոպացիներ, արաբներ եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներ եւ որուն առաքելութիւնը ըլլայ վերսկսիլ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ բանակցութիւնները` բանակցութեանց մեքանիզմ եւ ժամանակացոյց պարունակող հաւաստի ճամբու քարտէս մը գոյացնելու համար:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին` ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ այդտեղ գոյութիւն ունին մեծ դժուարութիւններ, եւ Սուրիոյ մէջ լուծումը միայն քաղաքական է` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է համաձայնութիւն գոյացնել վարչակարգէն անհատներու հետ, սակայն ոչ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որ ժողովուրդին դէմ գործած իր ոճիրներուն համար չի կրնար վերջինին ապագային մէջ որեւէ դերակատարութիւն ունենալ»:

Ան նշեց, որ վարչակարգէն ընտրուած անհատները պէտք է լուծումի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն ոչ ահաբեկչական ընդդիմութեան հետ, եւ այդ համաձայնութիւնը պէտք է յարգուի Սուրիոյ բնակչութեան բոլոր հատուածներուն կողմէ:

Ֆապիւս ըսաւ, որ Սուրիոյ միութիւնը պահպանելու ահաբեկիչները պարտութեան մատնելու համար միակ լուծումը այդ է:

Ան յայտնեց, որ իր երկիրը այժմ բանակցութիւններ կը վարէ արաբներուն, ամերիկացիներուն, ռուսերուն, թուրքերուն, իրանցիներուն եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ:

 

Նախորդը

Վատիկանը Պիտի Երանացնէ 1915-ին Սպաննուած Եպիսկոպոսը

Յաջորդը

Փաուըրզ Կը Զգուշացնէ. Քոնկրեսին Կողմէ Իրան-Վեցեակ Համաձայնութեան Մերժումին Պարագային Ուաշինկթըն Պիտի Մեկուսանայ Եւ Անոր Ազդեցութիւնը Նուազի

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.