Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս Տի Միզիր, Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազանոֆ եւ Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Թերեզա Մէյ երէկ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ իրենք համամիտ են, որ «ներկայ կացութիւնը հրամայական կը դարձնէ անմիջական քայլերու որդեգրումն ու Եւրոպայի միասնականութիւնը»` նշելով. «Յաւելեալ ժամանակ չենք կրնար կորսնցնել»:
Անոնք յայտնեցին, որ Եւրոպական խորհուրդին կոչ ուղղեցին` գումարելու յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին ներքին եւ արդարադատութեան նախարարներու յատուկ ժողով մը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ որդեգրելու շօշափելի քայլեր, որպէսզի խորհուրդին 8 նոյեմբերին նախատեսուած յառաջիկայ նիստին ընթացքին կարելի ըլլայ որոշումներ որդեգրել:
Նախարարները նաեւ կոչ ուղղեցին` արագ կերպով եւրոպական մակարդակի վրայ գոյացնելու համաձայնութիւն` միացեալ ճշդում մը տալու «ապահով քաղաքացի»-ին եւ գաղթականներուն անմիջական կեդրոններ հաստատելու:
Անոնք շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է գործի լծել գաղթականներու հիւրընկալման նախնական կեդրոնները, որոնք ծրագրուած են ամէնէն ուշը մինչեւ տարեվերջ Իտալիոյ եւ Յունաստանի մէջ հիւրընկալելու համար: