
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ Թուրքիան 1 նոյեմբերի ընտրութեան առաջնորդելու համար վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի կազմած փոխանցման կառավարութիւնը անկողմնակալ չէ եւ պիտի ծառայէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:
Քըլըճտարօղլու թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր սահմանադրութիւնը ոտնահարուած է, սահմանադրական աւանդութիւնները` անտեսուած եւ օրէնքի իշխանութիւնը` բացակայ, նախարարաց այս խորհուրդը միայն նախագահութեան եւ կառավարութեան պիտի ծառայէ: Բացառուած է, որ երկրին ծառայէ: Այս է իրականութիւնը»:
«Բնական պայմաններու տակ, փոխանցման կառավարութիւնը պէտք է կազմուի անկախ վարչապետի մը կողմէ», ըսաւ ան:
Քըլըճտարօղլու թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր կուսակցութեան ընտրական ցանկը փոփոխութեան պիտի չենթարկուի, իսկ ինք 7 յունիսի ընտրութիւններէն առաջ կատարած ընտրական հաւաքներուն չափ ընտրահաւաքներ պիտի չկազմակերպէ:
«Թուրքիան արեան բաղնիքի մը վերածուած է: Կառավարութիւնը վարկի մեծ անկում կրած է թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ անկէ դուրս: Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կ՛ընդդիմանայ գրեթէ ամէն բանի եւ երբեք առողջ կերպով չի կրնար ղեկավարել երկիրը: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, քաղաքական թատերաբեմէն դուրս ձգուած է: Միայն մէկ կուսակցութիւն կայ` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, «Հապեր Թիւրք» հաղորդեց, որ ՔԱԿ-ի զինեալներ Տէրսիմի մէջ առեւանգած են Մանազկերտ գիւղին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ճան Փոլաթը:


