Երէկ վիրաւորուեցան Ուքրանիոյ խորհրդարանի անվտանգութիւնը ապահովող 100 ոստիկաններ, որոնցմէ տասն` ծանր կերպով: Մինչ ցուցարարներ ոստիկանութեան վրայ պայթուցիկներ ու քոքթել մոլոթովներ կը նետէին, խորհրդարանի փոթորկոտ նիստի մը ընթացքին ռուսամէտ զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Տոնեցքին եւ Լուկանսքին յաւելեալ իշխանութիւններ տալու կատարուած քուէարկութենէն ետք, խորհրդարանին առջեւ պայթումի ձայն մը լսուեցաւ:
Ապակեդրոնացման օրինագիծին առաջին ընթերցումով որդեգրումէն ետք խորհրդարանին առջեւ բողոքի ցոյցերը աւելի բուռն դարձան:
Ցուցարարներէն շատեր բարձրացուցած էին ծայրայեղ ազգայնական «Սվոպոտա»(Ազատութիւն) կուսակցութեան դրօշները:
Պայթումին պատճառով շատեր ծանրօրէն վիրաւորուեցան: Ոստիկաններէն մէկը կորսնցուց իր ոտքը: Վիրաւորներու շարքին էին նաեւ լրագրողներ: