Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլոմպիա Եւ Վենեզուելա Տուն Կանչած Են Իրենց Դեսպանները

August 29, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Colombia-Venezuela_8-28-15

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Քոլոմպիան եւ Վենեզուելան իրենց դեսպանները տուն կանչած են համապատասխանաբար Քարաքասէն եւ Պոկոթայէն` երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային ճգնաժամի պատճառով:

Անցեալ շաբաթ Վենեզուելան յայտարարած էր, որ 72 ժամով կը փակէ Թաչիրա նահանգին մէջ Քոլոմպիոյ հետ սահմանը, որմէ ետք երկրի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն հրամայած էր անորոշ ժամկէտով երկարաձգել Քոլոմպիոյ հետ սահմանի փակումը եւ 60 օրով արտակարգ դրութիւն յայտարարած էր:

Ձեռնարկուած միջոցառումը յաջորդած էր այն պատահարին, որուն ընթացքին մաքսանենգները վիրաւորած էին Վենեզուելայի զինեալ ուժերու երեք զինուորներ: Վենեզուելայի իշխանութիւնները նաեւ վտարած են հազարէ աւելի քոլոմպիացիներ:

«Ես կը զօրակցիմ երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան եւ պիտի շարունակեմ գործել այդ սկզբունքով, սակայն ես չեմ կրնար Վենեզուելային արտօնել այդպէս վարուիլ Քոլոմպիոյ եւ քոլոմպիացիներուն հետ», ըսած է Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուել Սանթոս:

Սանթոսի այն յայտարարութենէն ետք, թէ իր դեսպանը Քարաքասէն խորհրդակցութիւններու համար տուն կը կանչէ, Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Տելսի Ռոտրիկես «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Մատուրօ հրամայած է Պոկոթայէն տուն կանչել Վենեզուելայի դեսպանը:

 

 

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարը Հարաւային Քորէայի Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը Կը Նկատէ Պատմական

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Վրաստանին Խորհուրդ Տուած Է Շարունակել Երկխօսութիւնը Ռուսիոյ Հետ

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային  Արկածը Զոհեր Պատճառեց
Միջազգային

Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային Արկածը Զոհեր Պատճառեց

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.