«Թուրքիան Կը Խախտէ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Գերիշխանութիւնը» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիան կը խախտէ Իրաքի եւ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: «Թուրքիոյ գործողութիւնները կը վիժեցնեն Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի լուծման գծով ջանքերը, ներառեալ զինադուլն ու մարդասիրական օժանդակութեան տեղ հասցնելը», ըսաւ Լաւրով: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիան ոչ միայն իր տարածքէն կը շարունակէ հրթիռակոծել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող սուրիացի քիւրտերու ջոկատներու դիրքերը,...




















