Միջազգային

Սէուտական Պատուիրակութիւնը Հեռացած Է  Արաբական Լիկայի Նիստէն.  Ժաաֆարի. «Ան Որ Ժողովրդային Դիմադրութիւնն  Ու Հըզպալլան Ահաբեկչութեան Յանցանքով  Կ՛ամբաստանէ, Ինքն Է Ահաբեկիչը»

Սէուտական Պատուիրակութիւնը Հեռացած Է Արաբական Լիկայի Նիստէն. Ժաաֆարի. «Ան Որ Ժողովրդային Դիմադրութիւնն Ու Հըզպալլան Ահաբեկչութեան Յանցանքով Կ՛ամբաստանէ, Ինքն Է Ահաբեկիչը»

Իպրահիմ Ժաաֆարի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ պաշտպանած է Հըզպալլան, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ սէուտական պատուիրակութիւնը հեռանայ ժողովէն: Աղբիւր մը Իրանեան լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ժաաֆարի յայտարարած է. «Ան որ Ժողովրդային դիմադրութիւնն ու Հըզպալլան կ՛ամբաստանէ ահաբեկչութեան յանցանքով, ինքն է, որ կ՛աջակցի ահաբեկչութեան եւ կ՛որդեգրէ զայն»: Ժաաֆարի զօրակցութիւն...

Քրեմլին. «Դաշնակցային Դրութեան Որդեգրումը  Սուրիացիներուն Վերաբերող Հարց Է»

Քրեմլին. «Դաշնակցային Դրութեան Որդեգրումը Սուրիացիներուն Վերաբերող Հարց Է»

Տը Միսթուրա. «Սուրիոյ Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնները` 18 Ամիսէն» «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա յայտնած է. «Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 ամիսէն»: Ան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է եւ նպաստած մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման ու բռնարարքներու դադրեցման: Տը Միսթուրա յոյս յայտնեց, որ բանակցութիւններու...

Ըստ «Աթլանթիք»-ի.  Օպամա Հիասթափուած` Էրտողանէն

Ըստ «Աթլանթիք»-ի. Օպամա Հիասթափուած` Էրտողանէն

Պարաք Օպամա ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Աթլանթիք» ամսագիրը իր ելեկտրոնային տարբերակին մէջ կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «կորսնցուցած է պատրանքները», որոնք յառաջացած էին «Արաբական գարնան» իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ հիասթափուած է Միջին Արեւելքի պետութիւններու եւ Թուրքիոյ ղեկավարներէն: Աղբիւրը ամերիկեան վարչակազմի ղեկավարին եւ այլ բարձրաստիճան ամերիկացի եւ արտասահմանցի պաշտօնատար անձերու հետ շարք մը հարցազրոյցներու հիման վրայ...

Արաբական Լիկայի Ժողով

Արաբական Լիկայի Ժողով

Ահմետ Ապուլ Ղէյթ Երէկ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական լիկայի հերթական ժողովը, որուն ընթացքին Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջեւ տարակարծութիւն յառաջացաւ Արաբական լիկայի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարցին շուրջ: Դռնփակ նիստին ընթացքին Քաթար առաջարկեց մէկ ամիսով յետաձգել ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւնը, իսկ Սուտան պահանջեց պաշտօնը փոխնիփոխ վարել: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի պնդեց, որ լիկայի ընդհանուր քարտուղարը երէկ ընտրուի: Տարակարծութիւնը լուծելու...

«Սուրիոյ Մէջ Զինադուլը Տագնապի Քաղաքական Լուծման Ուղղութեամբ Կարեւոր Քայլ Մըն Է»  Կ՛ըսէ Փութին

«Սուրիոյ Մէջ Զինադուլը Տագնապի Քաղաքական Լուծման Ուղղութեամբ Կարեւոր Քայլ Մըն Է» Կ՛ըսէ Փութին

Ցիփրաս եւ Փութին Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Յունաստանի նախագահ Ալեքսիս Ցիփրաս երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ ճգնաժամի լուծումը եւ Եւրոպական Միութեան մէջ գաղթականներուն հարցը: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը նշեց. «Միջազգային խնդիրները քննարկելու ընթացքին հիմնական ուշադրութիւն յատկացուած է սուրիական տագնապին` շեշտը դնելով այդ երկրին մէջ զինադուլի պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ»: «Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ զինադուլի...

«Գաղթականներու Վերընդունումը  Պիտի Չներառէ Յունական  Կղզիներուն Վրայ Գտնուողները»  Կ՛ըսէ Պոզքըր

«Գաղթականներու Վերընդունումը Պիտի Չներառէ Յունական Կղզիներուն Վրայ Գտնուողները» Կ՛ըսէ Պոզքըր

Վոլքան Պոզքըր Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր նշեց, որ իր երկրին կողմէ Եւրոպական Միութեան գաղթականներու վերընդունման վերաբերեալ ներկայացուած առաջարկը չի ներառեր ներկայիս յունական կղզիներուն վրայ գտնուող գաղթականները: «Համաձայնութեան գործադրութեան սկսելու թուականը պիտի ճշդուի ներկայիս յունական կղզիներուն վրայ գտնուող գաղթականներուն մեկնումէն ետք», ըսաւ Պոզքըր` նշելով. «Թուրքիա վերադարձուելիք գաղթականներուն թիւը, եթէ համաձայնութիւնը ընդունուի, միլիոնաւոր կամ նոյնիսկ հարիւր հազարաւոր պիտի չըլլայ,...

Գերմանիոյ Մէջ Անծանօթներ  Կը Փորձեն Հրկիզել Գաղթականներու  Համար Պատրաստուող Շէնք Մը

Գերմանիոյ Մէջ Անծանօթներ Կը Փորձեն Հրկիզել Գաղթականներու Համար Պատրաստուող Շէնք Մը

Գերմանական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ մինչեւ հիմա կարելի չէ եղած ճշդել ինքնութիւնը այն յանցագործերուն, որոնք արեւելեան Գերմանիոյ Պրանտենպուրկ նահանգի Նաուըն քաղաքին մէջ գաղթականներու համար պատրաստուող շէնքի մը վրայ նետած են այրող տախտակ մը: Ըստ նահանգի մայրաքաղաք Փոցտամի ոստիկանութեան, ապահովական ուժերը ներկայիս կը ստուգեն, եթէ այս յարձակումը կապ ունի անցեալ օգոստոսի վերջաւորութեան դարձեալ գաղթականներու համար պատրաստուող մէկ այլ շէնքի մը դէմ կատարուած...

Խամենէի Փորձագէտներու Խորհուրդէն  Կը Խնդրէ Զինք Փոխարինող Մը  Ընտրել, Երբ Ժամանակը Գայ

Խամենէի Փորձագէտներու Խորհուրդէն Կը Խնդրէ Զինք Փոխարինող Մը Ընտրել, Երբ Ժամանակը Գայ

Այաթոլլա Ալի Խամենէի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իրանեան պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Փորձագէտներու խորհուրդէն խնդրած է զինք փոխարինող «յեղափոխական» մը ընտրել, երբ ժամանակը գայ: Խամենէի այժմ 76 տարեկան է: Իրանի Փորձագէտներու խորհուրդը յատուկ մարմին մըն է, որ օժտուած է արտակարգ պարագային իր կազմէն երկրի գերագոյն ղեկավար ընտրելու իրաւունքով: Ներկայիս երկրի գերագոյն ղեկավարը...

Ըստ Միացեալ Նահանգներու  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան.  ՏԱՀԵՇ Եւրոպայի Մէջ Նոր  Ահաբեկչութիւններու Կը Նախապատրաստէ

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. ՏԱՀԵՇ Եւրոպայի Մէջ Նոր Ահաբեկչութիւններու Կը Նախապատրաստէ

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ համաշխարհային ահաբեկչական սպառնալիքի մասին հրապարակուած նախազգուշացման մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեկութիւն ունին, թէ իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներ` ներառեալ Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը արտասահմանի, նաեւ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն եւ անոնց շահերուն դէմ նոր ահաբեկչութիւններ կը ծրագրեն: «Վստահելի տեղեկութիւնը կը վկայէ, թէ այնպիսի խմբաւորումներ, ինչպիսին են ՏԱՀԵՇ-ը, Քայիտան, ինչպէս նաեւ...

Իրան Յունուարէն Ի Վեր Միացեալ Նահանգներ  Արտածած Է 32 Թոն Ծանր Ջուր

Իրան Յունուարէն Ի Վեր Միացեալ Նահանգներ Արտածած Է 32 Թոն Ծանր Ջուր

Ապպաս Արաքժի «Էսոշիէյթըտ Փրես»` վկայակոչելով Իրանի զանգուածային լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Իրան ընթացիկ տարուան յունուարէն ի վեր Միացեալ Նահանգներ արտածած է 32 թոն ծանր ջուր, որ օգտագործուած է համապատասխան տիպի հիւլէական հնոցներուն մէջ: ԻՍՆԱ հաղորդած է, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի յայտարարած է, որ  իրենք ծանր ջուրի պաշարները «վաճառած են» Միացեալ Նահանգներուն: Ան չէ խօսած գործարքի ֆինանսական երեւոյթի...

Քըրպի. «Թուրքիան Կ՛անտեսէ  Մեր Զգուշացումները»

Քըրպի. «Թուրքիան Կ՛անտեսէ Մեր Զգուշացումները»

«Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը` անտեսելով Ուաշինկթընի եւ միջազգային ընտանիքի զգուշացումները, կը շարունակէ իր իսկ երկրին սահմանադրութեան հակասող որոշումներ տալ: «Եթէ հարցնէք` ատիկա մեզ կը մտահոգէ՞, թէ՞ ոչ, պիտի պատասխանենք` այո՛», ըսած է Քըրպի: Թրքական «Զաման» օրաթերթի խմբագրութեան մէջ տեղի ունեցած ոստիկանական գործողութիւններուն եւ անոնց յաջորդած ցոյցերուն...

Պոլսոյ Մէջ Յատուկ Գործողութիւն`  Յեղափոխական Ժողովուրդի Ազատագրութեան  Կուսակցութիւն-Ճակատի Դէմ

Պոլսոյ Մէջ Յատուկ Գործողութիւն` Յեղափոխական Ժողովուրդի Ազատագրութեան Կուսակցութիւն-Ճակատի Դէմ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը Պէյօղլու շրջանի Օքմէյտան վայրին մէջ յատուկ գործողութիւն կատարած են Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատ կազմակերպութեան երիտասարդական դաշինքի թրքական կեդրոնին մէջ, որուն ընթացքին ձերբակալուած են կազմակերպութեան 6 անդամներ, որոնց շարքին` 3 կիներ: «Անատոլու» կը նշէ, որ ձերբակալուածները «կը ծրագրէին ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել Պոլսոյ շարք մը շրջաններուն մէջ»: Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան...

Եւրոպական Միութիւնն Ու Թուրքիան  Ծրագիրի Մը Ընդհանուր Սկզբունքներուն  Շուրջ Համաձայնեցան,  Առանց Վերջնական Որոշումի

Եւրոպական Միութիւնն Ու Թուրքիան Ծրագիրի Մը Ընդհանուր Սկզբունքներուն Շուրջ Համաձայնեցան, Առանց Վերջնական Որոշումի

Եւրոպական միութիւնն ու Թուրքիան կը յայտնեն, որ Պրիւքսելի մէջ կայացած գաղթականներու ճգնաժամին նուիրուած վեհաժողովին ընթացքին ծրագիրի մը ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն, սակայն վերջնական որոշումը յետաձգեցին: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք ըսաւ, որ Յունաստան հասնող ապօրինի գաղթականները պիտի վերադարձուին Թուրքիա: Թուսք ըսաւ, որ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը կը յղէ «յստակ պատգամ մը, թէ` դէպի Եւրոպա ապօրինի գաղթի օրերը անցած են»: Վեհաժողովէն ետք,...

Թուրքիա Կը Հակադարձէ Քիլիսի  Վրայ Ինկած Ռումբերուն

Թուրքիա Կը Հակադարձէ Քիլիսի Վրայ Ինկած Ռումբերուն

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սուրիայէն արձակուած ռումբեր ինկած են Քիլիս նահանգին վրայ` պատճառելով զոհ մը եւ երեք վիրաւորներ: Թրքական բանակը հակադարձած է` ռմբակոծելով ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Քիլիսի վրայ ռումբեր տեղալու սկսած են երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին: Անոնցմէ երեքը ինկած են բաց դաշտի մը մէջ, իսկ երեք ուրիշներ` նահանգի Քազըմ Քարապեքիր եւ Թուրկութ Էօզալ թաղամասերուն վրայ: Քիլիսի նահանգապետ Հասան...

Անգարայի Մէջ Ընդհանուր Ժողով`  Ի Պաշտպանութիւն «Խալիֆայութեան»

Անգարայի Մէջ Ընդհանուր Ժողով` Ի Պաշտպանութիւն «Խալիֆայութեան»

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնը գտնուող Աթաթուրքի անուան մարզահամալիրին մէջ խալիֆայութեան ջնջման (3 մարտ 1924) 92-րդ ամեակին առիթով 5 հազար հոգիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է «Խալիֆայութեան միջազգային ընդհանուր ժողով», որուն ընթացքին յայտարարուած է, որ մօտիկ ապագային Թուրքիոյ մէջ` Անատոլուի հողերուն վրայ դարձեալ խալիֆայութիւն պիտի հիմնուի: «Իսլամութեան թշնամի անհաւատները կը կարծէին, թէ 3 մարտ 1924-ին թաղելով...

Այսօր Ժընեւի Մէջ Միջսուրիական  Բանակացութիւններ.  ՄԱԿ. «Միջսուրիական Բանակցութիւններուն  Գլխաւոր Հանգրուանը Պիտի Սկսի 14 Մարտին»

Այսօր Ժընեւի Մէջ Միջսուրիական Բանակացութիւններ. ՄԱԿ. «Միջսուրիական Բանակցութիւններուն Գլխաւոր Հանգրուանը Պիտի Սկսի 14 Մարտին»

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակի բանբերը յայտարարեց, որ միջսուրիական բանակցութիւնները կը սկսին այսօր, սակայն կարգ մը պատուիրակութիւններ կրնան քանի մը օր ուշ հասնիլ Ժընեւ: Ան նշեց, որ բանակցութիւններուն գլխաւոր հանգրուանը կը սկսի 14 մարտին: Բանբերը նաեւ յայտնեց, որ Տէ Միսթուրա յաւելեալ հրաւէրներ չէ յղած, եւ բանակցութիւններուն մասնակցութեան պատկերը անփոփոխ է:

Տաւութօղլու. «Իշխանութիւնները  Կապ Չունին «Զաման»-ի  Խմբագրութեան Գրաւման Հետ»

Տաւութօղլու. «Իշխանութիւնները Կապ Չունին «Զաման»-ի Խմբագրութեան Գրաւման Հետ»

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն թրքական մամուլին կատարած յայտարարութեամբ ըսած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի ընդդիմադիր «Զաման» օրաթերթի ղեկավարութեան մէջ խնամակալներու նշանակման առնչուող դատարանի որոշումին հետ: Տաւութօղլու նշած է, որ կատարուածը ընդամէնը դատարանի որոշումի գործադրութիւն էր, եւ ոչ ոք պէտք է կասկածի Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան առկայութենէն: Յիշեցնենք, որ ապահովական ուժերը Պոլսոյ մէջ գրաւած...

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Ընթացքին Ամերիկեան  Օդուժի 19 Անդամներ Սպաննուած Են

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Ընթացքին Ամերիկեան Օդուժի 19 Անդամներ Սպաննուած Են

Միացեալ Նահանգներու օդուժի հարցերու նախարար Տեպորա Լի Ճէյմս յայտարարեց, որ 2014-էն ի վեր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Փենթակոնին շղթայազերծած օդային յարձակումներուն ընթացքին ամերիկեան օդուժի 19 անդամներ սպաննուած են: Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան աւելցուց, որ այդ զինուորներէն 8-ը սպաննուած են «թշնամական արարքներու իբրեւ հետեւանք»` առանց յստակացնելու անոնց եւ մնացեալ 11 օդաչուներու սպանութեան մանրամասնութիւնները: Ամերիկացի նախարարը նաեւ որեւէ տեղեկութիւն չփոխանցեց...

Լիպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Բախում`  Թունուզեան Ապահովական Ուժերու  Եւ Ահաբեկիչներու Միջեւ

Լիպիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Բախում` Թունուզեան Ապահովական Ուժերու Եւ Ահաբեկիչներու Միջեւ

Թունուզի ապահովական ուժերն ու բանակը յաջողեցան ահաբեկիչներու հետ բախումներէ ետք խաղաղութիւնը վերահաստատել երկրին հարաւը գտնուող Պըն Քարտան քաղաքին մէջ: Թունուզի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած են 17 զոհեր, որոնց շարքին` զինուորներ եւ երկու քաղաքացիներ, որոնցմէ մէկը` եռամեայ երեխայ մը: Թունուզեան զինեալ ուժերը յաջողած են սպաննել 28 ահաբեկիչներ եւ ձերբակալել 6 ուրիշներ: Ահաբեկիչները փորձած են յարձակում գործել ապահովական...

Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն  Բանակցութիւնները   Երկարեցան Մինչեւ Ուշ Գիշեր

Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն Բանակցութիւնները Երկարեցան Մինչեւ Ուշ Գիշեր

Պրիւքսէլի մէջ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւնները, որոնք նախատեսուած էին իրենց աւարտին հասնիլ կէսօրին, շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Հաղորդուեցաւ, որ թրքական կողմը եւրոպական կողմին առաջարկած է Թուրքիայէն Յունաստան հասած բոլոր գաղթականները, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները վերընդունիլ` փոխան Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ տրամադրելիք 3 միլիառ տոլարի օժանդակութեան կրկնապատկման եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի արագացման: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն...

Page 797 of 882 1 … 796 797 798 … 882

Արխիւներ