ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը աջակցած է բանաձեւի այն նախագիծին, որ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ քրիստոնեաներու դէմ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ գործուող դաժան արարքները ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն նկատել: Նախաձեռնութեան հաւանութիւն յայտնած են երկրի 2 կուսակցութիւններէն 393 քոնկրեսականներ:
Ոչ պարտադիր փաստաթուղթի հեղինակն է հանրապետական Ճեֆ Ֆորթենպերի:
Բանաձեւի բնագիրին համաձայն, բոլոր կառավարութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, ներառեալ` ՄԱԿ-ը եւ անոր ընդհանուր քարտուղարը, պէտք է քրիստոնեաներու դէմ բռնութիւնը ոչ միայն ցեղասպանութիւն նկատեն, այլ նաեւ ատոր վերաբերին, ինչպէս որ կը վերաբերին զինուորական յանցագործութիւններու հետ:
Բացի ատկէ, ՄԱԿ-ի անդամները պէտք է դիմեն արաբական երկիրներուն եւ կոչ ուղղեն անոնց ստեղծելու շրջանային կամ միջազգային դատարան` այդպիսի դէպքերը ուսումնասիրելու համար: Կը նշուի, որ յանցագործները անհրաժեշտ է հետապնդել, ձերբակալել եւ ենթարկել պատիժի` ըստ օրէնքի: