Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1921-ի Ռուս-Թրքական Համաձայնագիրը Ջնջելու Առաջարկին Վերաբերեալ Նոր Դիրքորոշում Չկայ

March 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

RFM_2016

«Արմէնփրես»-ի խնդրանքով` մեկնաբանելով Ռուս-հայկական լրատու գործակալութեան հրապարակած այն տեղեկութիւնը, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անկարելի կը նկատէ 16 մարտ 1921-ին կնքուած ռուս-թրքական համաձայնագիրի ջնջումը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ նախարարութիւնը այդ առնչութեամբ որեւէ նոր դիրքորոշում չէ հրապարակած:

Նախարարութենէն միայն յայտնած են, որ հարցին առնչութեամբ վերջին մեկնաբանութիւնը կատարուած է 10 փետրուարին` նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի կողմէ: «Մենք այդ հարցին առնչութեամբ որեւէ նոր դիրքորոշում չենք արտայայտած. վերջինը Մարիա Զախարովայի կողմէ 10 փետրուարին հրապարակուած դիրքորոշումն է», ըսած են նախարարութենէն:

Զախարովա յայտնած էր հետեւեալը. «Կրնամ ըսել, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Տումայի շարք մը երեսփոխաններէն հարցում ստացած է համաձայնագիրը ջնջելու առաջարկով: Այս պահու դրութեամբ կրնամ ըսել, որ հարցումը պէտք է ուսումնասիրուի, թէ ճիշդ ի՛նչ կ՛առաջարկուի: Ըստ այնմ` ամէն ինչ պիտի կատարուի սահմանուած կարգին համաձայն: Առայժմ պէտք է ուսումնասիրել այդ նախաձեռնութիւնը»:

Տումայի անդամներ Վալերի Ռաշքին եւ Սերկէյ Օպուխով Ռուսիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին 8 փետրուարին նամակ յղած էին` առաջարկելով ջնջել Մոսկուայի 16 մարտ 1921-ի ռուս-թրքական բարեկամութեան ու եղբայրութեան մասին համաձայնագիրը: Այս նախաձեռնութեան կը սատարեն նաեւ Արդար Ռուսիա կուսակցութեան անդամներ:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Որոշած Են Կալիփոլիի Ոգեկոչումը Կատարել Աւանդական Թուականին

Յաջորդը

Թրքական Իշխանութիւնները «Ահաբեկչութեան Ի Նպաստ Քարոզչութեան» Համար Կը Ձերբակալեն Երեք Ակադեմականներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.