Սպաննուած Է Լեզկիական «Սատվալ» Շարժումի Ղեկավար Նազիմ Հաճիեւը
Նազիմ Հաճիեւ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մախաչքալայի մէջ սպաննուած է լեզկիական ազգայնական «Սատվալ» շարժումի ղեկավար Նազիմ Հաճիեւը: ԹԱՍՍ կը նշէ, որ 1944-ի ծնունդ Հաճիեւի` դանակի բազմաթիւ հարուածներու վէրքեր կրող դիակը կիրակի գիշեր յայտնաբերուած է իր բնակարանին մէջ: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ 24 մարտ 2015-ին սպաննուած էր նոյն շարժումին գործիչներէն Ռուսլան Մակոմետռահիմովը: Այդ յանցագործութեան հետաքննութեան արդիւնքներուն մասին պաշտօնական...




















