
Ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ն ու թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ համակարգումի գաղտնի կեդրոն մը ստեղծած են:
«Թուրքիան կը խորացնէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ ամերիկեան այլ հետախուզական ծառայութիւններու հետ համագործակցութիւնը: «Սի.Այ.Էյ.»-ն ու ՄԻԹ-ը կ՛ապահովեն համակարգումի աշխատանքը գաղտնի կեդրոնի, որ տեղակայուած է սուրիական սահմանէն ոչ հեռու», կը յայտնէ օրաթերթը:
«Սի.Այ.Էյ.»-ի ներկայացուցիչները կը նշեն, որ գաղտնի սպասարկութիւնները այդ կեդրոնը կ՛օգտագործեն Միջին Արեւելքի երկիրներէն տեղահանուածներուն մէջ հաւանական ահաբեկիչները յայտնաբերելու համար: Սակայն, ինչպէս կը գրէ օրաթերթը. «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ ՄԻԹ-ի գործընկերութիւնը ատով չ՛աւարտիր»:
«Սի.Այ.Էյ.»-ը իր անօդաչու սարքերը Սուրիոյ երկինք կ՛ուղարկէ թրքական Ինճիրլիք օդուժի ռազմակայանէն», կը յայտնէ թերթը` յղում կատարելով իր զրուցակիցին:
Ըստ անոր տուեալներուն, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Պրեննընը բազմաթիւ անգամ այցելած է Անգարա, ներառեալ յունուարին, մասնակցելու համար ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւններու քննարկումներուն:
Ամերիկացի պաշտօնատարները կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ որդեգրած քայլերուն լոյսին տակ Սուրիա մուտք գործող ժիհատականներուն թիւը նուազած է մէկ երրորդով, սակայն այդ մէկը նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի կրած իրերայաջորդ պարտութիւններուն պատճառով է:


