
Սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Թուրքիոյ հետ գաղթականներու հարցին շուրջ իր գոյացուցած համաձայնութիւնը, որուն օրինականութեան շուրջ կասկածներ գոյութիւն ունին:
Ըստ սպանական աղբիւրներուն, եւրոպացի պաշտօնատարներ ակնարկելով Թուրքիայէն գաղթականներու դէպի Յունաստան վտարումին, Թուրքիայէն «տեղահանուածներու զանգուածային վտարումը» նկատած են անօրինական:
Սպանական օրաթերթը կը հաղորդէ. «Եւրոպացի պաշտօնատարները յայտնեցին, որ հաւաքական վտարումը Եւրոպական Միութիւնը պիտի մղէ Թուրքիոյ հետ գոյացած համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, ուստի Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը Եւրոպական Միութեան մէջ նախնական լարուածութիւններ կը պատճառէ»:
«Էլ Փայիս» կը նշէ. «Եւրոպական գործիքակազմը իր ամբողջական ուժով կը բանի, եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները 17 եւ 18 մարտին ժողով պիտի գումարեն Պրիւքսէլի մէջ` Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան շուրջ վերջնական որոշումի յանգելու համար, մասնաւորաբար Անգարայի հետ գոյացած համաձայնութեան օրինականութեան շուրջ կասկածներու գոյութեան լոյսին տակ»:


