Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոլայ Փանքով յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ իր օդային հարուածները` հակառակ իր ուժերու մեծամասնութեան հեռացման: Ան նշեց, որ տակաւին շատ կանուխ է ահաբեկչութեան պարտութեան մասին խօսելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ ռուսական քայլը «ի շահ սուրիացի ժողովուրդին է եւ ոչ թէ ոեւէ մէկուն գոհացում պատճառելու»:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Օզերով յայտնեց, որ շուրջ 800 զինուորներ պիտի մնան պաշտպանելու համար Հմայմիմ օդուժի եւ Թարթուսի ծովուժի ռազմակայանները: «Սուրիական կառավարական ուժերը մարզող խորհրդականները եւս պիտի մնան», աւելցուց ան:
Քրեմլինի աշխատակազմի պետ Սերկէյ Իվանով յայտնեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ պիտի պահէ իր արդիական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:
Երէկ ռուսական օդանաւեր սկսան հեռանալ Սուրիոյ Հմայմիմ ռազմակայանէն: Հեռացուող օդանաւերուն շարքին էին «Թու-154», «Սու-24», «Սու-25» եւ «Սու-34» տիպի օդանաւեր:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա ողջունեց ռուսական որոշումը: «Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու այս փուլի սկսման օրը կատարուած յայտարարութիւնը նկատառելի զարգացում մըն է, որ, կը յուսամ, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ բանակցութիւններու ընթացքին վրայ», ըսաւ ան:
Սպիտակ տունը 14 մարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: «Անոնք քննարկած են Սուրիայէն ռուսական զինեալ ուժերու մասնակի հեռացման վերաբերեալ նախագահ Փութինի այսօրուան յայտարարութիւնը եւ մարտական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման ապահովման համար անհրաժեշտ հերթական քայլերը` տագնապի լուծման շուրջ քաղաքական բանակցութիւններու յառաջ մղման նպատակով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախապէս Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Փութին Օպաման տեղեակ պահած է Սուրիայէն ռուսական ուժերու հեռացման սկսելու որոշումին մասին: «Ռուսիոյ նախագահը տեղեակ պահած է, որ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ռուսական զինեալ ուժերուն առջեւ դրուած հիմնական խնդիրներու կատարումէն ետք որոշում որդեգրուած է Սուրիայէն դուրս բերել օդուժի հիմնական մասը», ըսուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ, որ նաեւ կ՛ընդգծէ. «Ատիկա, անկասկած, իբրեւ լաւ ազդանշան պիտի ծառայէ հակամարտող բոլոր կողմերուն համար եւ պայմաններ պիտի ստեղծէ իսկական խաղաղ հոլովոյթի սկսելու համար»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ռուսական ուժերու թիւի նուազումը Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ համակարգումին ծիրին մէջ է եւ տեղի կ՛ունենայ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարին մէջ արձանագրուած գլխաւոր ձեռքբերումներուն իրագործումէն ետք:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց. «Այն փաստը, որ Ռուսիան յայտարարած է իր զօրքերուն մէկ մասին հեռացման մասին, ցոյց կու տայ, որ ան անհրաժեշտութիւն չի տեսներ զինադուլը պահպանելու համար ուժի դիմելու: Ատիկա ինքնին պէտք է դրական նշան ըլլայ: Այժմ մեզի անհրաժեշտ է սպասել ու տեսնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ»: