
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի անցեալ տարի նախագահ Պարաք Օպամային բազմիցս առաջարկած է զինուորական ուժ կիրարկել Սուրիոյ դէմ` այդ երկրին կառավարութիւնը դրդելու բանակցութիւններ վարելու սուրիական տագնապի լուծման շուրջ:
Սակայն Սպիտակ տան ղեկավարը մերժած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութիւնները: Ան վերջիվերջոյ կորսնցուցած է համբերութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին զգուշացուցած է, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններու գործադրման մասին առաջարկները իրեն կրնայ ներկայացնել միայն Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըրը:
Այս մասին յայտնած է «Աթլանթիք» շաբաթաթերթը` «Օպամայի վարդապետութիւնը» խորագիրով հրապարակած ծաւալուն նիւթին մէջ, որ պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ ամերիկացի եւ օտարերկրացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու հետ հարցազրոյցներու ամբողջ շարքի մը հիման վրայ:


