Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Պայթումին Հարցով Ձերբակալեալներ. Տաւութօղլու. «Նախնական Տուեալները Կը Հաստատեն ՔԱԿ-ի Մեղսակցութիւն»

Մարտ 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու նշեց, որ Անգարայի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած պայթումին նախնական տուեալներն ու գաղտնի սպասարկութենէն ստացուած տեղեկութիւնները կը հաստատեն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) մեղսակցութիւնը:

Ան յայտնեց, որ մօտ ատենէն հասարակութեան պիտի ներկայացնեն յարձակումին շուրջ շարունակուող հետաքննութեան արդիւնքները` շեշտելով. «Պայթումը թիրախ դարձուց Թուրքիան, անոր ապահովութիւնը, միութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը»:

Ան աւելցուց, որ յարձակումը գործողները «խստագոյն պատիժը պիտի կրեն», իսկ Թուրքիան վճռականօրէն պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ Աւստրալիոյ դեսպանը դէպքին պահուն պայթումին վայրէն 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուած է:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները պայթումին հարցով ձերբակալած են չորս անձեր, իսկ թուրք պաշտօնատար մը յայտնեց, որ հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Անգարայի մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներէն մէկը ՔԱԿ-ի անդամ կին մըն է:

Էսքիշեհիրի կառավարիչ Կիւնկէօզ Ազմի Թունա յայտնեց, որ ապահովական ուժեր կեդրոնական Անատոլուի մէջ գտնուող նահանգին մէջ համակարգուած գործողութեան ընթացքին ձերբակալած են 20 անձեր, որոնք մեղսակից էին «ահաբեկչական քարոզչութեան եւ փորձեցին զօրակցիլ ահաբեկիչներուն: Անոնք տարբեր արարքներու մեղսակից էին… անոնց մեծ մասը այլ շրջանէ էին»: Ան աւելցուց, որ գործողութեան ընթացքին «ապօրինի կազմակերպութիւններու առնչուած փաստաթուղթեր» գրաւուած են:

Ուրֆայի մէջ եւս ձերբակալուած են 6 կասկածեալներ:

Միւս կողմէ, թրքական բանակի սպայակոյտը յատնեց, որ երէկ դարձեալ հարուածուած են հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերը: Թրքական օդուժին պատկանող 9 «Էֆ-16» եւ 2 «Էֆ-4» տիպի օդանաւեր հարուածած են Կորդուաց լեռներուն վրայ եւ Կարայի մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի դիրքերը:

 

Նախորդը

«Եթէ Բանակցութիւնները Ձախողին, Հարցը Պիտի Յանձնենք Ապահովութեան Խորհուրդին» Ըսաւ Տը Միսթուրա

Յաջորդը

Ռուսիա Այսօր Կը Սկսի Իր Ուժերուն «Հիմնական Բաժինը» Հեռացնելու Սուրիայէն

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?