Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Ամերիկեան Օդուժին Նախ Կ՛արգիլէ, Ապա Կ՛արտօնէ Օգտագործել Ինճիրլիքը

July 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեզ Յեղաշրջումի Մեղսակցութեամբ
Ամբաստանելը Կը Վնասէ Անգարայի Հետ Երկկողմանի
Յարաբերութիւններուն»

Կ՛ըսէ Քերրի

Kerry_71716

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախողած փորձին Ուաշինկթընի մեղսակցութեան մասին պնդումները կատարելապէս սուտ են ու կը վնասեն Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն:

Ան իր թուրք պաշտօնակիցին` Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են այդ հետաքննութեան սկսելու` օժանդակելով Անգարային: Քերրի ըսաւ, որ Ուաշինկթըն յեղաշրջումին հաւանականութեան մասին տեղեկութիւններ չունէր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Քերրի իրերայաջորդ երկրորդ օրն ըլլալով հեռաձայնած է Չաւուշօղլուի` յեղաշրջումին մանրամասնութիւնները բացայայտելու համար իր երկրին օժանդակութիւնը առաջարկելու նպատակով:

Նշենք, որ, ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Թուրքիոյ աշխատանքի նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտնած էր, որ յեղաշրջումի փորձին ետին կը կանգնին Միացեալ Նահանգները:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած էր` յանձնելու իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որ, ըստ իրեն, կը կանգնի յեղաշրջման փորձին ետին:

Պատասխանելով Էրտողանի կոչին` Քերրի ըսաւ, որ Ուաշինկթըն Կիւլենը արտայանձնելու որեւէ դիմում չէ ստացած եւ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` Միացեալ Նահանգներ բնակող իսլամ քարոզիչին դէմ շօշափելի ու համոզիչ փաստեր ներկայացնելու:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ երէկ յայտնեց, որ Կիւլենը պաշտպանելը կը վնասէ Միացեալ Նահանգներու դիրքին ու վարկին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ահաբեկչական խմբաւորումներու սպառնալիքներու աճին» պատճառով իր քաղաքացիները յորդորեց չայցելել Թուրքիա: Ամերիկեան դաշնակցային թռիչքներու վարչութիւնը իր կարգին առեւտրական ու քաղաքացիական բոլոր օդանաւային ընկերութիւնները արգիլեց Թուրքիայէն Միացեալ Նահանգներ թռիչքներ կատարելու:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Փիթըր Քուք յայտարարեց, որ թրքական կառավարութիւնը փակած է պատերազմական օդանաւերուն դիմաց իր օդային տարածքը, ուստի Ինճիրլիք օդուժի ռազմակայանէն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններու համար ամերիկեան օդուժի թռիչքները դադրած են` աւելցնելով, որ իրենք ներկայիս թուրքերուն մօտ աշխատանք կը տանին այդ թռիչքներու արտօնութեան վերականգնումը ապահովելու համար:

Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» երէկ հաղորդեց, որ Ինճիրլիքի հրամանատար զօր. Պեքիր Արճանը ձերբակալուած է Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձին մեղսակցութեան ամբաստանութեամբ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» նշեց, որ գոյութիւն ունի այն հաւանականութիւնը, որ Ինճիրլիքը` իբրեւ ամերիկեան օդային գործողութիւններու մեկնման կէտ ժամանակաւորապէս կորսնցնելը կը զուգադիպի այնպիսի պահու մը, երբ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական արշաւը կը գտնուի վճռորոշ փուլի մէջ:

Ըստ ամերիկեան օդուժին, Ինճիրլիքի` մէջ գտնուող «Քէյ.Սի. 135» օդանաւերը վառելանիւթ կը մատակարարեն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններ կատարող պատերազմական օդանաւերէն շուրջ մէկ երրորդին:

Փենթակոն յայտարարեց, որ վերսկսած են ամերիկեան օդանաւերուն Ինճիրլիքէն թռիչքները:

Աւելի ուշ, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Պենալի Եըլտըրըմի հետ` փոխանցելով, որ նախանցեալ օր Յունաստան ապաստան գտած 8 թուրք զինուորականները պիտի վերադարձուին:

 

 

Նախորդը

Ըստ Փայլանի. Յեղաշրջման Փորձը Էրտողանի Բռնապետութեան Հետեւանք Է

Յաջորդը

Յեղաշրջումի Փորձով Ձերբակալուած Են Շուրջ 6000 Անձերշ Էրտողան Թուրք Ժողովուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ամբողջ Շաբաթ Մը Չհեռանալու Փողոցէն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.