
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին` անդրադառնալով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ռուս այլ պաշտօնատարներու հետ զրոյցներուն, յայտնեց, որ իր իշխանութենէն հեռացման մասին ոչ իսկ բառ մը ըսած են:
Ան ըսաւ, թէ միայն սուրիացի ժողովուրդը կրնայ որոշել, ե՛րբ մէկը իշխանութեան կու գայ այն հանգամանքով, եւ ե՛րբ ատկէ կը հեռանայ:
Ասատ յայտնեց, որ ինք մտահոգուած չէ, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան իր ապագային շուրջ կրնան համաձայնութիւն մը գոյացնել, «որովետեւ անոնց քաղաքականութիւնը, ըսել կ՛ուզեմ ռուսական քաղաքականութիւնը, սակարկութեան վրայ հիմնուած չէ, այլ` արժէքներու»:
Ասատ նշեց, որ հազիւ քանի մը ամիս ետք Սուրիան պիտի առնէ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը ետ մղուեցաւ «միայն երբ ռուսերը միջամտեցին», իսկ Միացեալ Նահանգները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ լուրջ չեն:


