Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Փայլանի. Յեղաշրջման Փորձը Էրտողանի Բռնապետութեան Հետեւանք Է

Յուլիս 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին` խօսելով Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձին մասին յայտնած է. «Թուրքիան երբեք ժողովրդավարական չէ եղած, պարզապէս մենք որոշ ատեն մը ունէինք խաղաղութեան հոլովոյթ, որուն ընթացքին ժողովրդավարութեան որոշ դրսեւորումներ եղան, սակայն, ցաւօք, անցեալ տարուան յունիսի ընտրութիւններէն ետք Էրտողան կատարեց «պալատական յեղաշրջում»: Նախ եւ առաջ ան ձերբազատեցաւ խորհրդարանէն, հիմա ինք կու տայ բոլոր հրահանգները խորհրդարանին: Չունինք անկախ դատական համակարգ ու օրէնքի գերակայութիւն: Այս պայմաններուն մէջ երկիրը ամբողջութեամբ կը ղեկավարէ Էրտողանը, որ կը գործէ իբրեւ բռնապետ:

«Զինուորականները ազատ գործողութիւններ կը կատարէին քրտական բնակավայրերուն մէջ: Էրտողանը զինուորականներուն անձեռնմխելիութիւն տուած էր` այդ մէկը կատարելու: Այս ուղին բանալու պարագային օր մը զինուորները պիտի սպաննէին քիւրտերը, իսկ միւս օրը կրնային իրենց զէնքերը ուղղել քեզի (Էրտողանի «Ա.») դէմ: Ճիշդ այդ ալ տեղի ունեցաւ երէկ: Զինուորականները ուղղեցին իրենց զէնքերը կառավարութեան դէմ: Նոյն ատեն պէտք է հասկնալ, որ հիմա Էրտողանը տեղի ունեցածը պիտի օգտագործէ ընդդիմութենէն ձերբազատելու համար»:

Կ. Փայլան աւելցուցած է նաեւ, որ տեղի ունեցած փորձը սիրողական էր` մտահոգութիւն յայտնելով այն մասին, որ հետախուզական ուժերը տեղեակ էին այդ մասին եւ առիթ տուին, որ նման բան տեղի ունենայ, որպէսզի իրենք կարելիութիւն ունենան ազատելու իրենց հակառակորդներէն: «Այս ալ յաւելեալ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի դիւրաւ գործողութիւններու ձեռնարկելու կիւլենականներուն եւ Էրտողանին ընդդիմացողներուն դէմ», եզրափակած է երեսփոխանը:

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ-ը Ստանձնեց Նիսի Յարձակման Պատասխանատուութիւնը

Յաջորդը

Անգարա Ամերիկեան Օդուժին Նախ Կ՛արգիլէ, Ապա Կ՛արտօնէ Օգտագործել Ինճիրլիքը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?