Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսին տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջումի փորձի ժամանակ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին վիրաւորուած է Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Հուսէյն Աւնի Քարսլըօղլուն:
Ըստ «Պուրսատապուկիւն»-ի դեսպանը վիրաւորուած է ուղղաթիռէ արձակուած կրակոցէն: Ոտքէն վիրաւորուած դեսպանը բուժում ստանալէ ետք դուրս եկած է հիւանդանոցէն:
Նշենք, որ Քարսլըօղլուն տուն կանչուած էր` Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող օրինագիծի որդեգրումէն ետք: