Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա Ձերբակալած Է Քուէյթի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Զինուորական Կցորդը

July 19, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

bin-salman_71816

Դիւանագիտական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ սէուտական իշխանութիւնները ձերբակալած են Քուէյթի մէջ թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդը, երբ վերջինս երկրին օդակայաններէն մէկուն ճամբով Քուէյթէն մուտք գործած է Սէուտական Արաբիա:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Քուէյթի թրքական դեսպանատան զինուորական կցորդը ներկայիս սէուտական իշխանութիւններուն մօտ ձերբակալուած է: Անոր ձերբակալումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խնդրանքով` երբ փորձած է փախուստի դիմել Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձին իր հաւանական մեղսակցութեան պատճառով:

Աղբիւրը նախատեսեց, որ ան արտայանձնուի Թուրքիոյ, սակայն նշեց, թէ արտայանձնման ժամկէտէն տեղեակ չէ:

Մինչ այդ` «Թուիթըր»-ի վրայ «Մուժթահետ» անունով ծանօթ օգտատէրը հաղորդեց, որ տակաւին յստակ չէ Թուրքիոյ տարածքին եղած յեղաշրջումին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը, սակայն նշեց, թէ գոյութիւն ունին փաստեր, որոնց համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ փոխգահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանը Պըն Զայետի հետ իր յարաբերութիւններուն միջոցով տեղեակ էր, որ այդպիսի փորձ մը պիտի կատարուի, այդ պատճառով ալ հրամայած է համբերել մինչեւ որ իրավիճակը յստականայ:

«Մուժթահետ» կը գրէ, որ «Պըն Զայետի նկատմամբ իր հաւատարմութենէն մեկնելով` պըն Սալման Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին անունով կը փորձէ Թուրքիան համոզել գաղտնի պահելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դերակատարութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն եւ կը խոստանայ այդ ծառայութեան դիմաց լաւ գին վճարել:

Ան կը յայտնէ, որ գոյութիւն ունին տուեալներ, որոնց համաձայն, որ թուրքերը պատրաստ են այդ ծառայութիւնը մատուցել «հակառակ անոր որ ենթադրեալ գինը պարզապէս բերանացի սնամէջ խոստում մըն է»:

«Մուժթահետ» կը գրէ. «Էրտողանի հաւատարիմ գաղտնի սպասարկութիւնը տեղեակ է պըն Սալմանի եւ պըն Զայէտի գործակցութենէն, սակայն սէուտցի իսլամականներ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը համոզեցին սէուտական որեւէ վարմունքի մասին վատ չմտածել»:

Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորը հեռաձայնեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` Թուրքիոյ մէջ կացութեան բնականոն հունի վերադարձը շնորհաւորելու համար:

Ալճերիոյ նախագահ Ապտելազիզ Պութաֆլիքա իր կարգին դատապարտեց Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու ձախող փորձը: Ան Էրտողանի հեռագիր մը յղելով` վերահաստատեց ներկայ կացութեան մէջ Ալճերիոյ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Յեղաշրջումի Փորձի Ընթացքին Վիրաւորուած Է Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք Գերմանիայէն Տուն Կանչուած Դեսպանը

Յաջորդը

«Յեղաշրջումէն Ետք Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուածներու Ցանկը Նախապէս Կազմուած Էր» Կ՛ըսէ Հան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.