Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղաշրջումի Փորձով Ձերբակալուած Են Շուրջ 6000 Անձերշ Էրտողան Թուրք Ժողովուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ամբողջ Շաբաթ Մը Չհեռանալու Փողոցէն

Յուլիս 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

arrests_71716

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, որ ուրբաթ օր տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախողած փորձի հարցով ձերբակալուած են շուրջ 6000 անձեր` նշելով, թէ կը նախատեսուի, որ այդ թիւը բարձրանայ:

Ձերբակալուածներուն շարքին մէջ են բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս` Ինճիրլիքի ռազմակայանի հրամանատարը, Էրտողանի զինուորական հարցերու խորհրդականը եւ անոր երկու թիկնապահները: Երէկ արեւմտեան Տենիզլի նահանգին մէջ ձերբակալուեցան 50 բարձրաստիճան զինուորներ: Ձերբակալուած են նաեւ 2700 դատաւորներ:

BBuqal0_71716

Ձերբակալուած է 3-րդ բանակի հրամանատար զօր. Էրտալ Էօզթուրք, 2-րդ բանակի հրամանատար զօր. Ատեմ Հուտութի,  սպայակոյտի նախկին պետ, Աքըն Էօզթուրք, Տենիզլիի զօրանոցի հրամանատար զօր. Էօզհան Էօզպաքիր: Պոզտաղ ձերբակալութիւնը նկատեց «մաքրագործման գործողութիւն» մը:

8 թուրք զինուորներ, որոնք փախուստ տուած էին Յունաստան եւ քաղաքական ապաստանի դիմում կատարած, յունական դատարանի մը կողմէ կը դատուին` ապօրինի կերպով երկիր մուտք գործած ըլլալու յանցանքով: Զանոնք փոխադրած ուղղաթիռը վերադարձուած է Թուրքիոյ: Անոնց փաստաբանը յունական պատկերասփիւռի կայանի մը յայտնեց, որ անոնք չեն մասնակցած յեղաշրջումին, սակայն Յունաստան ապաստանած են, երբ թրքական ոստիկանութիւնը անոնց վրայ կրակ բացած է: Թուրքիա անոնց արտայանձնումը կը պահանջէ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ յեղաշրջումին ետին կանգնողները սուղ գին պիտի վճարեն: Ան յեղաշրջումը նկատեց «Աստուծմէ պարգեւ մը… որովհետեւ ասիկա պատճառ պիտի ըլլայ մեր բանակը մաքրագործելու»:

Երէկ, յեղաշրջումի զոհերու յուղարկաւորութեան ընթացքին Էրտողան իր արտասանած խօսքին մէջ թուրք ժողովուրդին կոչ ուղղեց` ամբողջ շաբաթ մը չհեռանալու փողոցէն: Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահական պալատը շաբաթ օր յայտնած էր. «Յեղաշրջումի մէկ այլ փորձ մը կրնայ կատարուիլ, ուստի պէտք է փողոցը պահենք վերահսկողութեան տակ»:

Էրտողան իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումը ամբաստանեց յեղաշրջումին ետին կանգնելու յանցանքով եւ նշեց. «Արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն ճամբով նամակներ յղեցինք` պահանջելով արտայանձնել այդ մարդն ու անոր հետեւորդները, եւ կը յուսամ, որ այս հարցը ուշադրութեան արժանանայ: Յեղաշրջում կատարած այս անձերը դժբախտաբար պարզապէս Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ են, եւ մենք զանոնք պիտի հետապնդենք»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը շաբաթ օր արտակարգ նիստ մը գումարեց: Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ նիստին ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ յեղաշրջումի փորձը ձախողած է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին եւ նշեց, որ բանակի սպայակոյտի պետը ազատագրուած է եւ վերստանձնած իր պաշտօնը:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու ժողովուրդին կոչ ուղղեց` յեղաշրջումի փորձին դէմ համախմբուելու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ յեղաշրջումի փորձին պատճառով արձանագրուած է 300 զոհ, որոնցմէ 190 քաղաքացի: Վիրաւորներուն թիւը 1400 է:

Միջազգային Հակազդեցութիւններ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էրօ յայտնեց. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մէջ Թուրքիոյ վստահելիութեան շուրջ հարցականներ գոյութիւն ունին»: «Յեղաշրջումի փորձի ձախողութիւնը քարթ պլանշ մը չի տար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին պետութեան մէջ մաքրագործում կատարելու»:

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնած է Էրտողանին եւ անոր կոչ ուղղած` յեղաշրջումի փորձէն ետք սահմանադրութեան հակասող քայլերու չդիմելու` յոյս յայտնելով, որ ռուս զբօսաշրջիկները յեղաշրջումի փորձէն ետք հարկ եղած պաշտպանութիւնը կ՛ունենան:

«Ռուսիա հակասահմանադրական քայլերն ու բռնարարքները կը նկատէ անընդունելի եւ կը յուսայ, որ Թուրքիոյ մէջ հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը վերադառնան», շեշտած է Փութին: Երկու նախագահները յայտնած են, որ մօտ օրէն պիտի ունենան հանդիպում մը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական վատ կացութիւնն ու ահաբեկչական սպառնալիքները առաւել եւս կը վտանգեն աշխարհին վրայ եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը` աւելցնելով, որ Մոսկուա կը հաստատէ թրքական օրինական իշխանութիւններուն հետ միացեալ ու շինիչ կերպով աշխատելու իր պատրաստակամութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Թուրքիոյ հարցերը պէտք է լուծել առանց բախումներու եւ սահմանադրութեան ծիրին մէջ, զոր պէտք է յարգել»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ պէտք է յարգել Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական կարգը: Անոր բանբերը` Շթեֆան Զայպերթ զօրակցութիւն յայտնեց «Թուրքիոյ ընտրուած կառավարութեան»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ զարգացումներուն նկատմամբ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց` «հանդարտութեան եւ ժողովրդավարական համակարգը յարգելու»:

Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձէն ետք, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շաբաթ օր Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդը հրաւիրեց ժողովի մը: Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանի շաբաթ օր յայտնեց, որ Իրան կ՛աջակցի Թուրքիոյ օրինական կառավարութեան եւ դէմ է Թուրքիոյ անվտանգութեան եւ կայունութեան վնասող, ինչպէս նաեւ թուրք ժողովուրդին հիմնական շահերուն հակասող որեւէ քայլի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Խորապէս մտահոգ ենք Թուրքիոյ մէջ տիրող ճգնաժամին նկատմամբ…: Կայունութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու անվտանգութիւնը թուրք ժողովուրդին համար ամէնէն կարեւորն են»:

ԻՐՆԱ շաբաթ օր հաղորդեց, որ Թուրքիոյ հետ բոլոր սահմանային անցքերը անժամկէտ կերպով փակուած են:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի իր կարգին իր երկրին նախարարաց ազգային անվտանգութեան հարցերով սեղմ խորհուրդի արտակարգ ժողովի մը հրաւիրեց` քննարկելու համար Թուրքիոյ մէջ զարգացումները:

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա Թուրքիա գտնուող իրենց քաղաքացիները յորդորեցին դուրս չգալ իրենց բնակարաններէն եւ հեռանալ լարուածութեան վայրերէն:

Յեղաշրջման Ծրագիրը` Ըստ «Ժազիրա»-ի

«Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ ձեռք ձգած է յեղաշրջումի փորձի հեղինակներուն հաղորդակցութիւնները, որոնք կը վերաբերին իշխանութեան ղեկի ստանձնման եւ անմիջապէս արտակարգ դրութեան յայտարարութեան:

Այդ հաղորդակցութիւնները կը խօսին յեղաշրջման գործողութեան սկսման պահուան մասին: Ըստ անոնց, նախատեսուած էր, որ գործողութիւնը սկսի 16 յուլիսի առաւօտեան ժամը 3:00-ին: Հրամայուած էր կրակ բանալ ոստիկանութեան վրայ, եթէ դիմադրէ: «3 ուղղաթիռներ պատրաստուած էին` Մարմարիսի մէջ ձերբակալելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը»` աւելցնելով, որ Էրտողանի թիկնապահները բախում ունենալով յեղաշրջումի ուժերուն հետ, արգելք հանդիսացած են, որ անոնք Էրտողանի գտնուած պանդոկը ներխուժեն:

Հաղորդակցութիւնները կը նշեն, որ յեղաշրջումին ղեկավարն է օդուժի նախկին հրամանատար զօր. Աքըն Էօզթուրք` աւելցնելով, որ կը նախատեսուէր, որ յեղաշրջումէն ետք 80 անձնաւորութիւններ ստանձնեն իշխանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Անգարա Ամերիկեան Օդուժին Նախ Կ՛արգիլէ, Ապա Կ՛արտօնէ Օգտագործել Ինճիրլիքը

Յաջորդը

Ըստ «Ինտիփենտընթ»-ի. Թուրքիա Մօտիկ Ապագային Պիտի Վկայէ Նոր Յեղաշրջում Մը, Որ Հաստատ Պիտի Յաջողի

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?