Միջազգային

«Հակառակ «Պրեքզիթ»-ին` Բրիտանիան  Պիտի Չհրաժարի Եւրոպայի Մէջ  Իր Յառաջատար Դիրքէն»  Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Հակառակ «Պրեքզիթ»-ին` Բրիտանիան Պիտի Չհրաժարի Եւրոպայի Մէջ Իր Յառաջատար Դիրքէն» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մեկնելէ առաջ յայտարարած է, որ, հակառակ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն, իր երկիրը մտադիր չէ հրաժարիլ Եւրոպայի մէջ համագործակցութեան հոլովոյթներուն մէջ իր յառաջատար դիրքէն: «Պատգամը, զոր ես կը պատրաստուիմ փոխանցել (Եւրոպական Միութեան) խորհուրդին` մեր բարեկամներուն, այն է, որ մենք պարտաւոր ենք կատարել ժողովուրդին...

Գամիշլիի Մէջ Մեծ Պայթում

Գամիշլիի Մէջ Մեծ Պայթում

Թուրքիոյ սահմանակից Գամիշլի քաղաքին մէջ գտնուող քրտական ուժերու կեդրոնին դէմ ականուած բեռնակառքով անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառեց 44 զոհ եւ 140 վիրաւոր: Ըստ «Նաշրա» կայքին, Գամիշլիի Ղարպիյէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած են երկու իրերայաջորդ անձնասպանական գործողութիւններ, առաջինը` ականուած ինքնաշարժով, իսկ երկրորդը` ականուած մոթորսիքլեթով: ՏԱՀԵՇ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը` յայտնելով, որ գործողութիւնը կատարուած է ականուած բեռնակառքով, իսկ զոհերուն թիւը 100 է:

«Կը Յուսանք Ռուսիոյ Հետ Զինուորական  Գործակցութեան Մանրամասնութիւնները  Յայտարարել Օգոստոսի Սկիզբը»  Կ’ըսէ Քերրի

«Կը Յուսանք Ռուսիոյ Հետ Զինուորական Գործակցութեան Մանրամասնութիւնները Յայտարարել Օգոստոսի Սկիզբը» Կ’ըսէ Քերրի

Փիթըր Քուք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց. «Կը յուսանք օգոստոսի սկիզբը Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ շուրջ զինուորական գործակցութեան եւ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններու փոխանակման մանրամասնութիւնները յայտարարել»: Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ’աջակցի իրարու հակառակորդ կողմերէն մէկուն, «վերջին օրերուն յաւելեալ տարողութեամբ իրարու հետ գործակցելու ուղղութեամբ յառաջդիմութիւն արձանագրեցին»: Առաջարկներուն շարքին են Ժապհաթ Նուսրայի դէմ օդային հարուածները համակարգելու համար...

Քլինթըն` Միացեալ Նահանգներու  Նախագահութեան Առաջին Կին Թեկնածուն

Քլինթըն` Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Առաջին Կին Թեկնածուն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար, նախկին առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթըն պաշտօնապէս դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն: Ֆիլատելֆիոյ մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին Սաութ Տաքոթա նահանգի պատուիրակներուն 15 ձայները ապահովելով` անոր քուէներուն թիւը բարձրացաւ 2383-ի: Նշենք, որ ընդհանուր ժողովին մասնակցող պատուիրակներուն թիւը հինգ հազար էր: Քլինթըն այսպիսով դարձաւ առաջին կինը, որ իբրեւ նախագահութեան թեկնածու կ’առաջադրուի: Ան փոխնախագահի...

Ռուենի Մէջ Յարձակումի Ենթարկուած Եկեղեցին  2000-ին Մզկիթի Կառուցման Համար Հողաշերտի  Նուիրատուութիւն Կատարած Էր

Ռուենի Մէջ Յարձակումի Ենթարկուած Եկեղեցին 2000-ին Մզկիթի Կառուցման Համար Հողաշերտի Նուիրատուութիւն Կատարած Էր

ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու կողմէ Սանթ Էթիեն տը Ռուվրէ եկեղեցիի քահանային մորթուիլը ցնցեց աշխարհը: Այդ ահաւոր ոճիրէն ետք երեւան եկաւ, որ նշեալ եկեղեցին, ուր քահանան մորթուեցաւ, 2000 թուականին մզկիթի մը կառուցման համար իսլամներուն հողաշերտի նուիրատուութիւն կատարած էր: Այս ծիրին մէջ գիւղի իմամը դատապարտեց իր «բարեկամ»-ին մորթուիլը եւ նամազ կատարեց զոհին ընտանիքին համար: Միւս կողմէ, Ֆրանսայի ընդհանուր դատախազ Ֆրանսուա Մուլան նշեց, որ յարձակումը...

Հիւսիսային Ֆրանսայի Մէջ Ահաբեկչական  Յարձակում` Եկեղեցւոյ Մը Դէմ

Հիւսիսային Ֆրանսայի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակում` Եկեղեցւոյ Մը Դէմ

Հիւսիսային Ֆրանսայի Ռուեն քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ երկու զինեալ մարդիկ պատարագի ժամանակ մուտք գործելով Սանթ Էթիեն տիւ Ռուվրէ եկեղեցին պատանդ բռնեցին 84 տարեկան Ժաք վրդ. Համելը եւ չորս ուրիշներ: Անոնք հետագային սպաննեցին վարդապետը` մորթելով զայն: Հետագային ոստիկանութիւնը պաշարեց եկեղեցին, ապա արագ միջամտութիւն մը կատարելով սպաննեց երկու զինեալները: ՏԱՀԵՇ-ի առնչակից «Աամաք» կայքը հաղորդեց, որ յարձակումը գործած են «Իսլամական պետութեան երկու զինուորներ»:...

Ազրպէյճանի Մէջ Ռազմամթերք Արտադրող  Գործարանի Մէջ Ուժին Պայթում

Ազրպէյճանի Մէջ Ռազմամթերք Արտադրող Գործարանի Մէջ Ուժին Պայթում

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Շիրվան քաղաքին մէջ գտնուող արկեր արտադրող ռազմական գործարանին մէջ տեղի ունեցած է ուժգին պայթում մը: Պայթումը տեղի ունեցած է ռազմամթերք արտադրող «Արազ» գործարանին մէջ: Առաջին պայթումէն ետք գործարանի տարածքին մէջ արկերու առանձին պայթումները շարունակուած են: Շիրվանի մէջ ռազմական գործարանին մօտ բնակելի տուներէն բնակիչները հեռացուեցան շրջանէն: Պայթումին պատճառով ջարդուած են քաղաքի...

«Պէտք Է Քաղաքացիներու Պահանջներուն  Ականջ Տալ Եւ Վերականգնել Մահապատիժը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Պէտք Է Քաղաքացիներու Պահանջներուն Ականջ Տալ Եւ Վերականգնել Մահապատիժը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ կատարելապէս համոզուած է, որ կառավարութիւնը պէտք է ականջ տայ քաղաքացիներու պահանջներուն եւ վերականգնէ մահապատիժը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան յայտնած է. «Ժողովուրդը մահապատիժի վերականգնումը կ՛ուզէ, եւ մենք մեր կարգին իբրեւ կառավարութիւն պէտք է ականջ տանք ժողովուրդի ձայնին: Մենք չենք կրնար անոր պարզապէս ըսել, որ ատիկա մեզ չի հետաքրքրեր»: «Պէտք է որդեգրել այդ...

«Ամերիկեան Իշխանութիւնները Պէտք Է  Աճապարեն Կիւլենը Արտայանձնելու»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ամերիկեան Իշխանութիւնները Պէտք Է Աճապարեն Կիւլենը Արտայանձնելու» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ամերիկեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնելու աճապարելու, ինչպէս նաեւ անոր ղեկավարած կազմակերպութեան գործունէութիւնը արգիլելու եւ ՕԹԱՆ-ի իրենց դաշնակից Թուրքիոյ զօրակցելու: «Կիւլենի եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան որեւէ աջակցութիւն երկու երկիրներու գործընկերութեան համահունչ չէ», ըսաւ ան` նշելով. «Կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ տարածուած իր դպրոցներուն ճամբով կը ֆինանսաւորէ թրքական պետութիւնը մասնատելու ձգտող իր գործունէութիւնը»: Թրքական...

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան  Տակ Առաւ Քասթելօ Համալիրը

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Քասթելօ Համալիրը

Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հալէպի հիւսիսը գտնուող Քասթելօ համալիրը եւ այդպիսով ապահովեց Քասթելոյի ճամբուն վրայ իր դիրքերը եւ դէպի արեւմուտք` Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ Քաֆարհամզա գիւղ ուղղուելու ճամբան բացաւ: Սուրիական բանակը Տարաայի գիւղական շրջանի Սայտա գիւղին մէջ ազատագրեց Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող 14 պատանդներ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան հետազօտական երկու օդանաւեր երկու հրթիռ արձակեցին Կոլանի Պաաս քաղաքին մէջ...

Էրտողան-Փութին Հանդիպումը`  9 Օգոստոսին

Էրտողան-Փութին Հանդիպումը` 9 Օգոստոսին

Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ վերեւ ռուսական «Սու-24» ռմբաձիգի վար առնուելէն ետք տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ նախարարներու մակարդակով առաջին պաշտօնական հանդիպումը: Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի, Թուրքիոյ վարչապետի օգնական Մեհմետ Շիմշեք եւ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի մեկնած են Ռուսիա: Շիմշեք Ռուսիոյ վարչապետի օգնական Արքատի Տվորքովիչի հետ հանդիպումէն առաջ յայտարարած է, որ Փութին-Էրտողան հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Շիմշեք...

«Թուրքիան Մօտ Օրէն Եւրոպական Միութեան  Անդամ Դառնալու Իրավիճակի Մը Մէջ Չէ»  Կ՛ըսէ Եունքեր

«Թուրքիան Մօտ Օրէն Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալու Իրավիճակի Մը Մէջ Չէ» Կ՛ըսէ Եունքեր

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր երէկ յայտնեց, որ Թուրքիան մօտ օրէն Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու իրավիճակի մը մէջ չէ եւ անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բոլոր բանակցութիւնները անմիջապէս պիտի դադրեցուին, եթէ վերականգնէ մահապատիժը: Եունքեր ֆրանսական «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Կը հաւատամ, որ Թուրքիան, իր ներկայ վիճակով, մօտ օրէն անդամ դառնալու իրավիճակի մը մէջ չէ եւ երկար...

Նուաքշոթի Մէջ Արաբական 27-րդ Վեհաժողովը  Մերժեց Արաբական Երկիրներու Ներքին  Հարցերուն Իրանեան Միջամտութիւնները

Նուաքշոթի Մէջ Արաբական 27-րդ Վեհաժողովը Մերժեց Արաբական Երկիրներու Ներքին Հարցերուն Իրանեան Միջամտութիւնները

Մաւրիտանիոյ մայրաքաղաք Նուաքշոթի մէջ երէկ ընթացք առաւ Արաբական լիկայի 27-րդ վեհաժողովը, որմէ կը բացակայէին Եգիպտոսի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Մարոքի, Թունուզի, Յորդանանի, Պաղեստինի եւ Լիբանանի գլխաւոր ղեկավարները: Մեծաթիւ ղեկավարներու բացակայութեան երկօրեայ ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց մէկ օրուան մէջ: Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի բացակայութեան, աղբիւրներ Եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթին յայտնեցին, որ անոր բացակայութեան պատճառը «հաստատ տեղեկութիւններ» են,...

Գերմանիա.  Անսպախի Մէջ Ճաշարանի Մը Մօտ Պայթումին  Հեղինակը Տեղահանուած Սուրիացի Մըն Է

Գերմանիա. Անսպախի Մէջ Ճաշարանի Մը Մօտ Պայթումին Հեղինակը Տեղահանուած Սուրիացի Մըն Է

Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգի ներքին գործոց նախարար Եոահիմ Հերման յայտնեց, որ կիրակի ուշ գիշերին Գերմանիոյ Անսպախ քաղաքին մէջ ճաշարանի մը մօտ պայթումին հեղինակը Սուրիայէն տեղահանուած 27 տարեկան անձ մըն է: Հերմանի համաձայն, սուրիացին Գերմանիա հասած է երկու տարի առաջ եւ դիմած ապաստանի, սակայն անոր դիմումը մերժուած է եւ պիտի վտարուէր դէպի Պուլկարիա, ուր անոր ապաստանի կարգավիճակ տրուած էր: Սուրիացին փորձած է...

Չաւուշօղլու Կը Խոստանայ Թուրքիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Կիւլենական  Դիւանագէտներու Մաքրագործում Կատարել

Չաւուշօղլու Կը Խոստանայ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Կիւլենական Դիւանագէտներու Մաքրագործում Կատարել

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խոստացաւ իր ղեկավարած նախարարութեան մէջ կիւլենական դիւանագէտներու մաքրագործում կատարել: «Մենք պետութիւնը պիտի ձերբազատենք այս աւազակախումբի անդամներէն, որովհետեւ անոնք դաւադիր ծրագիրներով պետութեան մէջ ներթափանցած են: Օրինակի համար, նախարարութիւնս, արտաքին գործոց նախարարութիւնը... Դարերէ ի վեր նախարարութեան համար ընտրութեան հոլովոյթը հիմնուած էր անթիւ հարցումներու եւ թրքերէն- անգլերէն թարգմանութեան վրայ: Սակայն այս աւազակախումբի անդամները անձնակազմի բաժանմունքին տիրելէ ետք...

Ճափոն.  Յարձակում Հաշմանդամներու  Կեդրոնի Մը Վրայ

Ճափոն. Յարձակում Հաշմանդամներու Կեդրոնի Մը Վրայ

Ճափոնական «Քէոտօ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ 20-ամեայ երիտասարդ մը սուրով յարձակած է Սակամիհարա քաղաքին մէջ գտնուող հաշմանդամներու կեդրոնի մը վրայ, ուր սպաննած է 19 հոգի եւ վիրաւորած 45 ուրիշներ: Շրջանի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է յարձակումը գործած երիտասարդը:  

Էրտողան, Ալիեւ Եւ Պերտիմուհամետով  Պիտի Հանդիպին Մինչեւ Տարեվերջ

Էրտողան, Ալիեւ Եւ Պերտիմուհամետով Պիտի Հանդիպին Մինչեւ Տարեվերջ

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքմենիստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մուսթաֆա Քափուճու յայտարարած է, որ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Իլհամ Ալիեւ եւ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով պիտի հանդիպին մինչեւ ընթացիկ տարեվերջ: Ըստ անոր, քննարկման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութիւնը, մասնաւորաբար Կասպից ծովու յատակով թուրքմենական կազը Ազրպէյճան, ապա անատոլական կազատար խողովակաշարով Եւրոպա փոխադրելու համար կազատարի կառուցման...

Սուրիացի Տեղահանուած Մը  Յարձակում Գործեց Շթութկարթի Մէջ

Սուրիացի Տեղահանուած Մը Յարձակում Գործեց Շթութկարթի Մէջ

Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ սուրիացի տեղահանուած մը Շթութկարթի մէջ յարձակում գործած է խումբ մը անձերու վրայ: Կացինով զինուած 21-ամեայ սուրիացին սպաննած է կին մը եւ վիրաւորած երկու ուրիշներ: Ան ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ:

«Մընպեժի Ազատագրումէն Ետք,  Յաջորդ Թիրախը Պիտի Ըլլայ Դէպի Ռաքքա»  Կ՛ըսէ Մքկըրք

«Մընպեժի Ազատագրումէն Ետք, Յաջորդ Թիրախը Պիտի Ըլլայ Դէպի Ռաքքա» Կ՛ըսէ Մքկըրք

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մօտ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Պրեթ Մքկըրք յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ հողային լայն տարածքներու տիրապետման օրերը անցած են` նշելով, որ Միջազգային դաշինքը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ՏԱՀԵՇ-ը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ պարտութեան մատնելուն վրայ: Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միջազգային դաշինքի յառաջիկայ հանգրուանի ռազմավարութիւնը կը կեդրոնանայ մեծ արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով` տեղւոյն բնակիչները...

Թուրքիոյ Նախագահական  Պահակագունդը Պիտի Լուծարուի

Թուրքիոյ Նախագահական Պահակագունդը Պիտի Լուծարուի

Թուրքիոյ նախագահական պահակագունդի 300 անդամներ անցեալ շաբաթ երկրին մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախող փորձին հարցով ձերբակալուած են: Թուրքիոյ կառավարութիւնը այժմ այն կարծիքը ունի, որ նշեալ գունդին «կարիքը չկայ»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը յայտնէ, որ յեղաշրջումի փորձէն ի վեր աւելի քան 13 հազար մարդ ձերբակալուած է: Արտակարգ դրութեան հիմամբ, կասկածեալներ կրնան 30 օր բանտարկուիլ առանց որեւէ ամբաստանութեան: Թրքական իշխանութիւնները...

Page 776 of 882 1 … 775 776 777 … 882

Արխիւներ