
Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հալէպի հիւսիսը գտնուող Քասթելօ համալիրը եւ այդպիսով ապահովեց Քասթելոյի ճամբուն վրայ իր դիրքերը եւ դէպի արեւմուտք` Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ Քաֆարհամզա գիւղ ուղղուելու ճամբան բացաւ:
Սուրիական բանակը Տարաայի գիւղական շրջանի Սայտա գիւղին մէջ ազատագրեց Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող 14 պատանդներ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան հետազօտական երկու օդանաւեր երկու հրթիռ արձակեցին Կոլանի Պաաս քաղաքին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւերը հակադարձած են Կոլանի մէջ հրասանդէ արձակուած ռումբի մը իյնալուն:
Մինչ այդ, Դամասկոսի Քաֆարսուսա շրջանին մէջ երկու անձեր վիրաւորուեցան, երբ ինքնաշարժի մը տակ զետեղուած ական մը պայթեցաւ:


