
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց. «Կը յուսանք օգոստոսի սկիզբը Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ շուրջ զինուորական գործակցութեան եւ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններու փոխանակման մանրամասնութիւնները յայտարարել»:
Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ’աջակցի իրարու հակառակորդ կողմերէն մէկուն, «վերջին օրերուն յաւելեալ տարողութեամբ իրարու հետ գործակցելու ուղղութեամբ յառաջդիմութիւն արձանագրեցին»:
Առաջարկներուն շարքին են Ժապհաթ Նուսրայի դէմ օդային հարուածները համակարգելու համար Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններու փոխանակումը եւ չափաւորական ընդդիմութեան դէմ սուրիական օդուժի օդային հարուածներու արգիլումը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Փիթըր Քուք նշեց, որ ամերիկեան եւ ռուսական կողմերը քննարկած են Սուրիոյ վերեւ իրենց թռիչքներուն եւ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերուն ու Միջազգային դաշինքի ուժերուն միջեւ արկածներու կանխարգիլման հարցերը:
«Երեքշաբթի օրուան քննարկումները տեղի ունեցան երկու կողմերուն միջեւ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու անվտանգութեան շուրջ շարունակուող երկխօսութեան ծիրին մէջ, մասնաւորաբար Թանաֆի արկածը, երբ ռուսական ուժերը ռմբակոծեցին Միջազգային դաշինքին աջակցութիւնը վայելող ուժերուն դիրքերը», ըսաւ ան:
Քուք նշեց, որ երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւնները համաձայնութիւն գոյացուցած են ապագային շարունակելու այս ծիրին մէջ անվտանգութեան հարցերու քննարկումը: