Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ վերեւ ռուսական «Սու-24» ռմբաձիգի վար առնուելէն ետք տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ նախարարներու մակարդակով առաջին պաշտօնական հանդիպումը:
Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի, Թուրքիոյ վարչապետի օգնական Մեհմետ Շիմշեք եւ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի մեկնած են Ռուսիա:
Շիմշեք Ռուսիոյ վարչապետի օգնական Արքատի Տվորքովիչի հետ հանդիպումէն առաջ յայտարարած է, որ Փութին-Էրտողան հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
Շիմշեք «դժբախտ պատահարէն ետք» Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու յոյս յայտնած է: «Ռուսիան մեզի համար ոչ միայն դրացի է, այլ նաեւ` կարեւոր եւ ռազմավարական գործընկեր», նշած է Շիմշեք:
Ռուսական իշխանութիւնները իրենց կարգին երէկ յայտնեցին, որ յառաջիկայ ամսուան կիսուն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ «հաւանական հանդիպում» մը կրնայ տեղի ունենալ:
Նախապէս Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Փութին-Էրտողան հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի առաջին տասնօրեակին` ռուսական քաղաքներէն որեւէ մէկուն մէջ:
«Իրօք, այժմ դիւանագիտական խողովակներով մենք կը նախապատրաստուինք եւ կը կազմակերպենք Փութինի հանդիպումը Էրտողանի հետ: Մենք համաձայնած ենք, որ հանդիպումը տեղի ունենայ օգոստոսի առաջին տասնօրեակին, ատիկա պիտի ըլլայ Ռուսիոյ տարածքին, սակայն քաղաքն ու թուականը տակաւին յստակ չեն», ըսած էր Փեսքով: