Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգի ներքին գործոց նախարար Եոահիմ Հերման յայտնեց, որ կիրակի ուշ գիշերին Գերմանիոյ Անսպախ քաղաքին մէջ ճաշարանի մը մօտ պայթումին հեղինակը Սուրիայէն տեղահանուած 27 տարեկան անձ մըն է:
Հերմանի համաձայն, սուրիացին Գերմանիա հասած է երկու տարի առաջ եւ դիմած ապաստանի, սակայն անոր դիմումը մերժուած է եւ պիտի վտարուէր դէպի Պուլկարիա, ուր անոր ապաստանի կարգավիճակ տրուած էր:
Սուրիացին փորձած է ներթափանցել քաղաքին մէջ տեղի ունեցող երաժշտական փառատօն, սակայն տեսնելով, որ մուտքին անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները զննում կը կատարեն, ետ դարձած է եւ գացած ճաշարանի կողմը:
Ան ոստիկանութեան ծանօթ եղած է. երկու անգամ անձնասպանութիւն փորձած է կատարել եւ հոգեբուժի մօտ դարմանումի ենթարկուած:
Ոստիկանութիւնը անոր տան մէջ գտած է ռումբի պատրաստութեան կազմածներ եւ համակարգիչ մը, որուն վրայ գտնուող տեսերիզի մը մէջ ան հաւատարմութիւն կը յայտնէր ՏԱՀԵՇ-ին եւ կը խոստանար գերմանացիներուն դէմ «վրիժառական յարձակումներ» գործել:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ ստանձնած է Անսպախի յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Նշենք, որ նոյն օրը Շթութկարթի մէջ սուրիացի այլ տեղահանուած մը կացինով յարձակում գործած էր խումբ մը անցորդներու վրայ եւ սպաննած լեհ կին մը ու վիրաւորած երկու ուրիշներ:
Ան ձերբակալուած էր ոստիկանութեան կողմէ: