Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուաքշոթի Մէջ Արաբական 27-րդ Վեհաժողովը Մերժեց Արաբական Երկիրներու Ներքին Հարցերուն Իրանեան Միջամտութիւնները

July 26, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arab_72516

Մաւրիտանիոյ մայրաքաղաք Նուաքշոթի մէջ երէկ ընթացք առաւ Արաբական լիկայի 27-րդ վեհաժողովը, որմէ կը բացակայէին Եգիպտոսի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Մարոքի, Թունուզի, Յորդանանի, Պաղեստինի եւ Լիբանանի գլխաւոր ղեկավարները: Մեծաթիւ ղեկավարներու բացակայութեան երկօրեայ ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց մէկ օրուան մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի բացակայութեան, աղբիւրներ Եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթին յայտնեցին, որ անոր բացակայութեան պատճառը «հաստատ տեղեկութիւններ» են, թէ Նուաքշոթի մէջ ան պիտի ենթարկուէր մահափորձի:

Աղբիւրները նշեցին. «Այդ մահափորձը Սիսիի արտասահման այցելութիւններու ընթացքին առաջինը չէր, եւ հիմնուելով այդ տեղեկութիւններուն վրայ, որոշուեցաւ, որ ան չմասնակցի արաբական վեհաժողովին»:

Վեհաժողովը կը գումարուի արաբական խոր տարակարծութիւններու պայմաններուն մէջ, որոնք պատճառ դարձան, որ Մարոք մերժէ զայն հիւրընկալել եւ անոր վայրը փոխադրուի Մաւրիտանիա, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ վեհաժողովը:

վեհաժողովի ընթացքին արտասանուած խօսքերը կեդրոնացան շրջանին մէջ ահաբեկչութեան հարցին եւ Պաղեստինեան դատին վրայ:

Վեհաժողովի օրակարգին վրայ էին շարք մը հարցեր, ներառեալ` արաբական աշխարհի անվտանգութեան հարցը, ինչպէս նաեւ միացեալ արաբական ուժի ծրագիրը:

Արաբական վեհաժողովը իր աւարտի հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց, որ Արաբական լիկայի անդամները կը ձգտին զարգացնել միացեալ արաբական աշխատանքը եւ օժանդակել տնտեսական նուազ զարգացման տէր արաբական երկիրներուն:

Վեհաժողովը ողջունեց Պաղեստինեան դատին վերաբերեալ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը եւ Լիպիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղեց վերստին շարունակելու պետութեան կառուցումը եւ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ:

Վեհաժողովը շեշտեց, որ կը մերժէ արաբական պետութիւններու ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները, «մասնաւորաբար իրանեան միջամտութիւնները», ինչպէս նաեւ վերստին Իսրայէլին կոչ ուղղեց ստորագրելու հիւլէական զէնքերու տարածումը արգիլող համաձայնութիւնը եւ իր հիւլէական կեդրոններու միջազգային հսկողութիւնը արտօնելու:

 

 

Նախորդը

Գերմանիա. Անսպախի Մէջ Ճաշարանի Մը Մօտ Պայթումին Հեղինակը Տեղահանուած Սուրիացի Մըն Է

Յաջորդը

«Թուրքիան Մօտ Օրէն Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալու Իրավիճակի Մը Մէջ Չէ» Կ՛ըսէ Եունքեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.