«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մեկնելէ առաջ յայտարարած է, որ, հակառակ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն, իր երկիրը մտադիր չէ հրաժարիլ Եւրոպայի մէջ համագործակցութեան հոլովոյթներուն մէջ իր յառաջատար դիրքէն:
«Պատգամը, զոր ես կը պատրաստուիմ փոխանցել (Եւրոպական Միութեան) խորհուրդին` մեր բարեկամներուն, այն է, որ մենք պարտաւոր ենք կատարել ժողովուրդին կամքը եւ դուրս գալ Եւրոպական Միութենէն, սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով կը նշանակէ, թէ մենք կը լքենք Եւրոպան»:
«Մենք բնաւ չենք պատրաստուիր հրաժարիլ մեր յառաջատար դիրքէն, ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի մէջ համագործակցութեան եւ ամէն տեսակ մասնակցութեան», աւելցուցած է ան: