Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Կը Խոստանայ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Կիւլենական Դիւանագէտներու Մաքրագործում Կատարել

July 26, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Cavusoglu_72516

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խոստացաւ իր ղեկավարած նախարարութեան մէջ կիւլենական դիւանագէտներու մաքրագործում կատարել:

«Մենք պետութիւնը պիտի ձերբազատենք այս աւազակախումբի անդամներէն, որովհետեւ անոնք դաւադիր ծրագիրներով պետութեան մէջ ներթափանցած են: Օրինակի համար, նախարարութիւնս, արտաքին գործոց նախարարութիւնը… Դարերէ ի վեր նախարարութեան համար ընտրութեան հոլովոյթը հիմնուած էր անթիւ հարցումներու եւ թրքերէն- անգլերէն թարգմանութեան վրայ: Սակայն այս աւազակախումբի անդամները անձնակազմի բաժանմունքին տիրելէ ետք ընտրութեան հոլովոյթը փոխեցին հաւանական պատասխաններու քննութեան», ըսաւ ան:

«Անոնք նախարարութեան պատմութեան մէջ ամէնէն դժուար հարցումները հաստատած են, որպէսզի միայն իրենց անդամները, որոնք նախապէս պատասխանները ստացած կ՛ըլլային, կարողանան քննութեան յաջողիլ: Անոնցմէ ոչ մէկը օտար լեզուի կը տիրապետէ կամ (դիւանագէտ ըլլալու) կարողութիւնը ունի», աւելցուց ան:

«Այժմ կրնա՞մ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար հանգիստ կերպով աշխատիլ, նախքան նախարարութենէս այս դաւաճանները մաքրագործելս: Պետութեան յիշողութիւնն ու գաղտնիքները այս մարդո՞ց կը վստահէիք: Ես ոչ: Օրէնքի ծիրին մէջ կարելին պիտի ընեմ: Պետութիւնը չի կրնար հանդուրժել անոնց, որոնք իրենց ժողովուրդին դաւաճանած են», ըսաւ ան` քննադատելով եւրոպացիները, որոնք թրքական կառավարութեան կոչ ուղղած են դադրեցնելու մաքրագործումը: «Պարտաւոր եմ պետութեանս ու ժողովուրդիս անվտանգութիւնը ապահովել: Ուստի զանոնք պետութենէն պիտի մաքրենք եւ անոնցմէ իրենց կատարածին գինը պիտի պահանջենք», նշեց Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ յեղաշրջումէն ետք Ազրպէյճանի նման կարգ մը երկիրներ սկսած են իրենց հողերուն վրայ կիւլենական շարժումին դէմ քայլերու դիմել` աւելցնելով, որ ինք Խըրխըզիստանին դիմած է նոյնպիսի քայլերու դիմելու համար:

«Խըրխըզ եղբօրս ըսի. «Ձեզի նկատմամբ մեր տեսակէտը պիտի փոխուի, եթէ անոնց դէմ քայլերու չդիմէք: Մեր սպասումը մեր եղբօրմէն այն է, որ ձեր եղբօր դէմ յեղաշրջում փորձածները չպաշտպանէք: Պէտք է այս դժուար օրերուն մեր եղբայրը ըլլալնիդ ցոյց տաք», յայտնեց ան:

Կը հաղորդուի, որ նոյնպիսի դիմում մը կատարուած է Փաքիստանի:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յեղաշրջումի փորձէն ետք, կիրակի օր թրքական օդանաւային ընկերութեան հարիւրէ աւելի աշխատակիցներ գործէ արձակուած են:

Կը նշուի, որ աշխատանքէն վտարուածներուն շարքին կան նաեւ ընկերութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներ:

Ըստ գործակալութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւնները արդէն 42 լրագրողներու ձերբակալման հրամաններ արձակած են:  Ձերբակալման ենթակայ լրագրողներու ցուցակին վրայ ներառուած է նաեւ հայ լրագրող Հայկօ Պաղտատի անունը:

 

 

Նախորդը

Ճափոն. Յարձակում Հաշմանդամներու Կեդրոնի Մը Վրայ

Յաջորդը

Գերմանիա. Անսպախի Մէջ Ճաշարանի Մը Մօտ Պայթումին Հեղինակը Տեղահանուած Սուրիացի Մըն Է

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.