Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական Հիւանդանոց Մը Վերանուանուած Է Սուլթան Ապտուլ Համիտի Անունով
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայտարփաշա շրջանին մէջ գտնուող Կիւլհանէ զինուորական հիւանդանոցը վերանուանուած է սուլթան Ապտուլ Համիտի անունով: Անուանափոխութիւնը տեղի ունեցած է անձնական այս հիւանդանոցին պետականացումէն անմիջապէս ետք: Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ հիւանդանոցին մէջ կատարուած են շարք մը կարեւոր բարեփոխումներ, եւ անուանափոխութիւնը եւս կը կազմէ նոր ծրագիրի մէկ մասը: Ըստ անոնց, այդ հիւանդանոցը շատ կարեւոր...




















