Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը Ասատի Ճակատագիրին Վերաբերեալ Կէտեր Չի Բովանդակեր» Կ՛ըսէ Պոկտանով

September 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

bogdanov_91616

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց. «Ուաշինկթընի հետ կը քննարկենք Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը յայտարարելու կարելիութիւնը»:

«Սուրիոյ շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին եւ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին վերաբերեալ կէտեր չի բովանդակեր», յայտարարեց Պոկտանով` աւելցնելով. «Ասատի ճակատագիրը բացառապէս սուրիական հարց մըն է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ յայտնեց. «Մոսկուան Սուրիոյ տագնապի լուծման վերաբերեալ գաղտնի ծրագիր մը չունի»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Տակաւին ընդդիմութեան եւ սուրիական վարչակարգին կողմէ (զինադադարի խախտման) դէպքերու մասին տեղեկութիւններ կը ստանանք, սակայն այդ դէպքերը տակաւին շատ աւելի նուազ են, քան 12 սեպտեմբերի համաձայնութենէն առաջ, եւ մենք բոլոր կողմերը կը քաջալերենք կռիւին վերջ տալու նկատմամբ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները յարգելու»:

Ինչ կը վերաբերի ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան մանրամասնութիւնները հրապարակելու Ռուսիոյ կոչերուն եւ Ֆրանսայի նման երկիրներու կողմէ Ուաշինկթընին իր դաշնակիցները համաձայնութեան մանրամասնութիւններէն տեղեակ պահելու պահանջներուն, Թոնըր ըսաւ. «Գոյութիւն ունին կարգ մը գործնական քայլերու մանրամասնութիւններ, որոնք նուրբ են, եւ մենք կը կարծենք, որ ո՛չ համաձայնութեան եւ ո՛չ ալ ոեւէ մէկու շահերէն կը բխի զանոնք բացայայտելը»:

Ան ըսաւ, որ իրենք կը գիտակցին, որ գոյութիւն ունին խանգարիչներ, որոնք կ՛ուզեն համաձայնութիւնը ձախողեցնել, ուստի կը շարունակեն համոզուած մնալ, որ համաձայնութեան մանրամասնութիւնները պէտք չէ հրապարակել, «սակայն եթէ հասնինք կէտի մը, երբ տեսնենք, որ կրնանք մանրամասնութիւնները յայտարարել, ապա ատիկա պիտի կատարենք»:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետը Անգարայի Մէջ Քննարկած Է Շրջանային Հարցեր

Յաջորդը

Հասանով Ստուգած Է Նախիջեւանի Զօրամասերուն Մարտունակութիւնը

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.