Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Զաքիր Հասանով այցելած է Նախիջեւան:
Ան այցելած է Առանձին համազօրային բանակ եւ «Ն» զօրամաս: Ստուգած է զօրամասերու մարտունակութիւնը, ընկերային-կենցաղային պայմանները, կատարած է ենթակառոյցներու զննում: