«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ժապեր Անսարի «Ռոսիա սեկոտնիա» միջազգային լրատու գործակալութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ գործողութիւն պէտք է իրականացուի միջազգային արժեչափերուն համապատասխան եւ Դամասկոսի հետ համակարգումով:
«Մենք կը գտնենք, որ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, դրացի երկիրներուն մէջ, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրաքի մէջ որեւէ գործողութիւն պէտք է իրականացուի միջազգային արժեչափերուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ համակարգումով այն երկրի կեդրոնական կառավարութեան հետ, որուն տարածքին մէջ տեղի կ՛ունենան իրադարձութիւնները», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ թրքական բանակը 24 օգոստոսին «Եփրատի վահան» գործողութեան սկսաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան մասնակցութեամբ գրաւեց Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ժարապլոս քաղաքը: Սուրիացի քիւրտերուն ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ թրքական բանակի գործողութիւնները ներխուժում են եւ ուղղուած նախ եւ առաջ քիւրտերուն դէմ: