Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան Եւ Մոսկուա. «Սուրիական Բանակին Դէմ Ամերիկեան Օդային Հարուածները Կը Վտանգեն Զինադադարը»

September 19, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

syria_91816

Ռուսական բանակը հաղորդեց, որ առնուազն 62 սուրիացի զինուորներ սպաննուած են եւ 100 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ ամերիկեան օդուժը ռմբակոծած է Տէր Զօրի Սարտա լերան վրայ գտնուող սուրիական բանակի դիրքերը: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 90-ի:

Ամերիկեան օդային հարուածէն ետք, ՏԱՀԵՇ յարձակում գործելով գրաւեց Սարտա լերան վրայ գտնուող այդ դիրքերը: Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»-ի ՏԱՀԵՇ իր յարձակումը շղթայազերծած է ամերիկեան օդային հարուածէն 7 վայրկեան ետք: Սուրիական բանակը, սակայն, իր եւ ռուսական օդուժին օժանդակութեամբ հակայարձակում մը շղթայազերծելով վերստին տիրացաւ այդ դիրքերուն: Սուրիական զինուորական աղբիւրներ երէկ «Նաշրա» կայքին յայտնեցին, որ սուրիական բանակը, սուրիական ռմբաձիգի մը վար առնուելէն եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ բուռն բախումներէ ետք նահանջած է նշեալ դիրքերէն:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ յարձակումը զինադադարի ապագան առած է «մեծ հարցականի տակ»:

Օդային հարուածը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բուռն բանավէճ յառաջացուց Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ, որոնց դեսպանները` մերժելով մէկը միւսին խօսքը լսել, լքեցին ժողովասենեակը:

Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր քննադատեց Ռուսիան խորհուրդի արտակարգ նիստ մը հրաւիրելուն համար` այդ քայլը նկատելով «շնական եւ կեղծաւոր»:

«Ռուսիա պէտք է դադրի կէտեր արձանագրելու աժան քայլերէն, ցուցադրական կեցուածքներէն ու արկածախնդրութիւններէն եւ կեդրոնանայ կարեւորին վրայ, որ գործադրութիւնն է այն բանին, որուն շուրջ անկեղծօրէն իրենց հետ բանակցեցանք», ըսաւ ան լրագրողներու:

Սակայն Չուրքին ըսաւ, որ Սուրիոյ շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ դէպքին նկատմամբ Ուաշինկթընի վերաբերմունքէն: «Եթէ դեսպան Փաուըրի այսօր կատարածը ցուցանիշ մըն է անոնց հաւանական հակազդեցութեան, ապա մենք լուրջ խնդիր կը դիմագրաւենք», ըսաւ ան:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ Միջազգային դաշինքի ուժերը կը կարծէին, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքեր կը ռմբակոծեն եւ յարձակումը անմիջապէս դադրեցուցած են, երբ ռուս պաշտօնատարներ զգուշացուցած են զիրենք: Հրամանատարութիւնը նաեւ աւելցուց, որ իրենք նախապէս տեղեակ պահած էին իրենց ռուս պաշտօնակիցները` նշելով, որ օդային հարուածն ու անոր պայմանները պիտի քննուին` «տեսնելու համար, եթէ կարելի՞ է անոնցմէ որեւէ դաս քաղել»:

Օդային հարուածին մասնակից էին նաեւ աւստրալիական օդանաւեր: Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց սպաննուած ու վիրաւորուած սուրիացի զինուորներուն ընտանիքներուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ յարձակումը ցոյց կու տայ, թէ «Սպիտակ տունը կը պաշտպանէ ՏԱՀԵՇ-ը»: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ յարձակումը «ծրագրուած եւ դիտաւորեալ էր», ինչպէս նաեւ` «ՏԱՀԵՇ-ի եւ ամերիկեան ուժերուն միջեւ համակարգուած էր»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ ամերիկեան օդային հարուածը կը վտանգէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած զինադադարը եւ ահաբեկչական խմբաւորումները զօրացնելու ենթահող կը պատրաստէ: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ ամերիկեան օդային հարուածին ու ՏԱՀԵՇ-ի շղթայազերծած յարձակումին համընկնումը ահաբեկչական այդ խմբաւորման ամերիկեան աջակցութեան փաստ մըն է:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Հալէպի մէջ լարուածութիւնը մագլցում արձանագրած է, զինեալ խմբաւորումները կը պատրաստուին քաղաքին մէջ զինեալ գործողութեան մը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ռուսական օդուժը վերսկսած է Հալէպի մէջ իր զինուորական գործողութիւններուն:

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ Ստանձնեց Մինիսոթայի Մէջ Կատարուած Դաշունահարման Պատասխանատուութիւնը. Նիւ Եորքի Մէջ «Դիտաւորեալ, Սակայն Ոչ Ահաբեկչական» Պայթում

Յաջորդը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նոր Վարչութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք.  Նեթանիահու. «Թրամփին Իրանցիներուն Ճշդած Պայմանները Կրնան Լաւ Համաձայնութեան Յանգեցնել»
Միջազգային

Ուաշինկթըն Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք. Նեթանիահու. «Թրամփին Իրանցիներուն Ճշդած Պայմանները Կրնան Լաւ Համաձայնութեան Յանգեցնել»

February 14, 2026
Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»
Միջազգային

Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.