Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուա կը կատարէ Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի հետ կնքած համաձայնութեան հիմամբ գոյացած զինադադարին վերաբերեալ իր յանձնառութիւնները, սակայն Ուաշինկթըն կը փորձէ ծածկել իր յանձնառութիւնները չկատարելը:
Նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշինքով յայտնեց, որ զինադադարի հաստատումէն երեք օր ետք Սուրիոյ բանակը գետնի վրայ միակ կողմն է, որ կը յարգէ զինադադարը, իսկ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած չափաւորական ընդդիմութիւնը բնակուած թաղամասերու իր ռմբակոծումը կ՛աւելցնէ:
Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն «յայտարարութիւններու վարագոյր»-ի մը ճամբով, ըստ երեւոյթին, կը փորձէ թաքցնել իր ստանձնած յանձնառութիւններուն մէկ մասը չկատարելը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի ահաբեկիչներուն եւ չափաւորական ընդդիմութեան անջատումին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու այն յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ մէջ զինադադարը Մոսկուայի վարկի քննութիւն մըն է, «վնասակար ու անտրամաբանական է»` նշելով. «Մոսկուա կ՛առաջարկէ սխալ մեկնաբանութիւններէ եւ սպրդումներէ զգուշանալու համար հրապարակել Սուրիոյ շուրջ Ուաշինկթընի հետ իր համաձայնութեան բոլոր մանրամասնութիւնները»:
Միւս կողմէ, ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Վալերի Կերասիմով երէկ այցելեց Անգարա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի հետ:
Երկու բարձրաստիճան զօրավարները քննարկեցին Սուրիոյ եւ զինուորական գործակցութեան վերաբերող հարցեր: