
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի` Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Մայքըլ Քարփենթըր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, որ Ուաշինկթընի եւ Պաքուի համար «զինուորական համագործակցութեան ընդլայնումը կարեւոր է»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ամերիկեան կողմի ներկայացուցիչը իր գոհունակութիւնը յայտնած է պաշտպանութեան մարզին մէջ Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համագործակցութեան մակարդակին առնչութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնեան ընդգծած է այդ մարզին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումին անհրաժեշտութիւնը:
Մամետեարով իր կարգին Քարփենթըրին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին իրադարձութիւնները:


