«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով հնդիկ պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ կեդրոնական Հնդկաստանի Մահարաշթրա նահանգին մէջ սովի պատճառով մահացած են աւելի քան 17 հազար մարդիկ, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ ու մանուկներ են:
Պաշտօնատարը նշեց. «Նահանգային իշխանութիւնները պէտք է անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրեն այս հարցը լուծելու համար»: