Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան 87 Աշխատակիցներ Հեռացուած Են Աշխատանքէ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ազգային գաղտնի սպասարկութեան կոմիտէի` ՄԻԹ-ի 87 աշխատակիցներ հեռացուած են աշխատանքէ: Նախապէս ազգային հետախուզութեան 100 աշխատակիցներ ոստիկանութեան կողմէ յատուկ հսկողութեան տակ առնուած էին, որմէ ետք անոնցմէ 87-ին վերաբերեալ համակարգէն հեռացուելու որոշում տրուած է: Աշխատանքէն հեռացուած 87 աշխատակիցներէն 52-ին մեղադրանք ներկայացուած է 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձին ընթացքին անոր մասնակիցներուն աջակցելու համար: Անոնցմէ 41-ը արդէն տարուած...




















