
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Ուաշինկթընի` ամերիկաբնակ իսլամ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը յանձնել մերժելը վտանգաւոր եւ երկարատեւ հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
«Այդ անձը Թուրքիոյ քաղաքացի է, եւ Թուրքիոյ մէջ իր գործած յանցագործութիւններուն պատճառով պահանջեցինք զինք արտայանձնել, դիմում ներկայացուցինք զինք յանձնելու Թուրքիոյ եւ ոչ թէ երրորդ երկրի մը: Մեր բոլոր յայտարարութիւնները կատարուեցան այդ պահանջին ծիրին մէջ», ըսաւ ան:
«Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր ղեկավարները, քաղաքագէտներն ու հանրային կարծիքի ղեկավարները պէտք է նկատի ունենան, որ ի գին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կորուստին Կիւլենը պաշտպանել շարունակելնին կամ նոյնիսկ այդ տպաւորութեան գոյութիւնը պատճառ պիտի դառնան վտանգաւոր ու երկարատեւ հետեւանքներու», նշեց Քալըն:
Թուրքիոյ նախագահին բանբերը ըսաւ. «Ամբողջ թրքական հասարակութիւնը կը կարծէ, որ 15-16 յուլիսի գիշերը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջումի փորձին ետին կանգնողը Կիւլենն է»:


