«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու զինուորականները իշխանութիւններէն կը խնդրեն նախքան Մուսուլի ազատագրման գործողութիւնը Իրաք ուղարկել յաւելեալ 500 զինուոր: Կը հաղորդուի, որ Իրաքի մէջ արդէն տեղակայուած են 4400 ամերիկացի զինուորներ:
Եթէ Սպիտակ տունը հաւանութիւն տայ նախաձեռնութեան, ապա զինուորներու յաւելեալ խումբը Իրաքի զինուորներուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի ներկայացուցիչներուն հետ պիտի սկսին նախապատրաստուիլ Մուսուլի ազատագրման:
Ամերիկացի պաշտօնեաները հաղորդած են, որ Մուսուլի ազատագրման գործողութիւնը նախատեսուած է հոկտեմբերին: Ըստ օրաթերթի տուեալներուն, նախագահ Պարաք Օպամա տակաւին չէ ծանօթացած նախաձեռնութեան: