«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, թէ պարտադիր չէր փլուզել Խորհրդային Միութիւնը:
Փութին Քրեմլինի մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշած է. «Գիտէք` ինչ կարծիք ունիմ Խորհրդային միութեան փլուզման մասին: Ատիկա ընելը պարտադիր չէր: Կարելի էր բարեփոխումներ իրականացնել, ներառեալ ժողովրդավարական բնոյթի»: