Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լուքաշենքօ Կը Սպառնայ Տապալել Եւրասիական Համարկումը» Կը Գրէ «Նեզավիսիմայա Կազեթա»

September 24, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

lukachenko_92316

Ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը կը գրէ, որ Պիելոռուսիա-Ռուսիա տագնապը, որ երկար ժամանակէ ի վեր քուլիսներու ետին կը հասուննար, «դուրս թափուած է»:

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ իր համբերութիւնը սպառած է` մեղադրելով Մոսկուան իր երկրին վրայ ճնշում գործադրելու յանցանքով, եւ սպառնացած է նուազագոյնի իջեցնել Մինսքի մասնակցութիւնը եւրասիական համարկումի հարցին: Մինսքի փորձագէտները ատիկա կը նկատեն շանթաժ, որուն միջոցով Լուքաշենքօ, ինչպէս միշտ, յոյս ունի հասնելու իր ուզածին:

Լուքաշենքօ իր դժգոհութիւնը արտայայտած է Միութենական պետութեան պետական քարտուղար Կրիկորի Ռափոթայի հետ հանդիպումին ընթացքին: «Արդէն յոգնած եմ, արդէն չափը անցած է, այսպէս այլեւս կարելի չէ շարունակել», յայտարարած է ան եւ նշած, որ Պիելոռուսիոյ մէջ շատ կը խօսին համարկման հարցին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու մասին, եւ թուարկած է այն ամէնը, ինչ որ տարուան ընթացքին կը քննարկէին փորձագէտները:

Երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման շնորհիւ չէ աճած, այլ անկում արձանագրած է, բացի ատկէ, բազմաթիւ ապրանքներու Ռուսիա արտածումները կ՛արգելափակուին: Ան աւելցուցած է, որ իրենք ոչ մէկ ձեւով պիտի կարենան համաձայնիլ կազի գինին շուրջ, իսկ Ռուսիան` նուազեցնելով Պիելոռուսիոյ քարիւղի մատակարարումները, այդ ձեւով ճնշում կը գործադրէ երկրին վրայ:

Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ Մինսքը նուազագոյնի պիտի իջեցնէ համարկումի նախագիծերուն իր մասնակցութիւնը եւ ատիկա «պիտի սկսի Եւրասիական տնտեսական միութեան այսպէս կոչուած կառավարութեան մէջ պիելոռուս պաշտօնեաներու թիւին կրճատումով»:

Փորձագէտներուն կարծիքով` Պիելոռուսիոյ նախագահը հիմա այս խնդիրներուն մասին կ՛արտայայտուի, որովհետեւ Լուքաշենքօ արդէն 11 սեպտեմբերին յայտարարած էր կազի գինի շուրջ վէճի շուտափոյթ (երկու օրուան ընթացքին) լուծման մասին, սակայն աւելի ուշ ի յայտ եկած էր, որ հարցը տակաւին լուծուած չէ: Փորձագէտներուն կարծիքով` Լուքաշենքոյին վստահութիւն կը ներշնչէր Ռիոյի փարալիմփիք խաղերուն ընթացքին պիելոռուսական խումբի ռուսական դրօշը բարձրացնելու քայլը: Պիելոռուսիոյ նախագահին զայրացուցած է այն փաստը, որ ռուսական ղեկավարութիւնը գումարով շնորհակալութիւն չյայտնեց ցուցաբերուած բարոյական աջակցութեան համար:

Տեղւոյն դիտորդները Մոսկուայի դիրքորոշումը կը կապեն Արեւմուտքի հետ Լուքաշենքոյի վարած «խաղերուն» եւ իր երկրի տարածքին ռուսական օդուժի ռազմակայան տեղակայելու ցանկութեան բացակայութեան հետ:

 

 

Նախորդը

Տարուան Սկիզբէն Ի Վեր Միջերկրական Ծովուն Ճամբով Եւրոպա Հասած Են Շուրջ 300 Հազար Գաղթականներ

Յաջորդը

Գաղթականներու Տեղափոխման Առնչուած Միջադէպէն Ետք. Պելճիքայի Դեսպանը Կանչուած Է Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.