Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլ Ահաբեկչութեան Պատրուակով Կ՛ուզէ Ձեռք Դնել Աքսային Վրայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

July 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Իսրայէլ կ՛ուզէ ահաբեկչութիւնը պատճառաբանելով ձեռք դնել Աքսայի մզկիթին եւ իր ամբողջական հակակշիռին տակ պահել զայն», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ օրէնսգէտներու հետ իր խորհրդակցութեան ընթացքին:

Էրտողան շեշտեց, որ Երուսաղէմի եւ յատկապէս Աքսայի դէպքերուն հետեւանքներէն առաւելաբար Իսրայէլ ի՛նք պիտի տուժէ: Էրտողան կոչ ուղղեց բոլոր իսլամներուն եւ յատկապէս թուրքերուն` այցելելու Աքսա մզկիթ եւ հոն կատարելու իրենց նամազը: «Իսկ անոնք, որոնք չեն կրնար եւ անկարող են հոն հասնելու, թող իրենց օժանդակութիւնները ղրկեն», շեշտեց ան: Էրտողան անհրաժեշտ նկատեց, որ իսլամներ իրե՛նք ստանձնեն Աքսայի ապահովութիւնն ու պաշտպանութիւնը:

Էրտողան նաեւ խորհրդակցութիւն ունեցաւ իր իսրայէլացի պաշտօնակիցին` Ռ. Ռեֆլինի հետ` նշելով, որ Թուրքիա նախանձախնդիր է պաշտպանելու իր երկրին մէջ գտնուող սինակոկները եւ հրէական սրբավայրերը, յայտնապէս ակնարկելով վերջերս հրէական սինակոկներու դէմ կատարուած ցոյցերուն եւ քարկոծումներուն: Ան նման կեցուածք ակնկալեց իսրայէլեան իշխանութիւններէն:

Միւս կողմէ, Միջին Արեւելքի մօտ ՄԱԿ-ի պատուիրակ Նիքոլայ Միլետանով դիտել տուաւ, որ Աքսայի հարցը սոսկ քաղաքական չէ, այլ անկէ անդին անիկա ունի նաեւ կրօնական հիմքեր եւ շարժառիթներ: Այս գծով ան մտավախութիւն յայտնեց, որ լարուածութեան շարունակումն ու սաստկացումը կրնայ յանգիլ կրօնական տագնապի:

Նշենք, որ Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցի կրօնաւորներ մերժեցին մուտք գործել Աքսայի մզկիթ, մինչեւ անոր շուրջ ծագած տագնապի լուծում:

Իսկ իսրայէլեան պատկան միաւորներ սկսան քակել եւ վերացնել ելեկտրական անցարգելի դեր կատարող դռները:

Յորդանան Կը Հերքէ

Մինչ այդ, յորդանանեան պաշտօնական աղբիւրներ երէկ հերքեցին որեւէ համաձայնութեան կամ պայմանագրութեան գոյութիւնը` Ամմանի մօտ իսրայէլեան դեսպանատան անձնակազմի տունդարձի արտօնութեան առնչութեամբ:

 

Նախորդը

Թրքական Մամուլի Ազատութեան Կաշկանդումի Դատապարտումի Կոչերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Հակառակ Նախագահ Թրամփի Դժկամութեան. Ամերիկեան Խորհրդարանը Որոշեց Պատժամիջոցներ Տնօրինել Իրանի, Ռուսիոյ Եւ Հիւսիսային Քորէայի Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.